Ռուբէն Վարդանեանին Երեք Յօդուածով Մեղադրանք Ներկայացուած է ազրպէյճանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Ահաբեկչական պետական կազմաւորում հանդիսացող ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ՝ 1968 թուականին ծնած Ռուբէն Կառլէնի Վարդանեանին, որ ներկայիս ՀՀ քաղաքացի է, մեղադրանք ներկայացուած է 214-1 (Ահաբեկչութիւն ֆինանսաւորում), 279.3 (զինուած խմբաւորումներու կամ խմբաւորումներու ստեղմծման եւ գործունէութեան մասնակցիլը) յօդուածներով) եւ ԱՀ ՔՕ 318.1 (պետական ​​սահմանի ապօրինի հատում):

Հաստատուած են հիմնաւոր կասկածներ, որ ան կատարած է յանցաւոր արարքներ՝ ազրպէյճանի հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի յօդուածներով»։