
Արցախի Հանրապետութեան Գոյութիւնը Դադրեցնելու Մասին Հրամանագիրը Իրաւաբանական Ուժ Չունի. Արթուր Ղամբարեան
Որեւէ պետութեան անկում հնարաւոր է ոչ թէ իրաւաբանօրէն, այլ՝ փաստացի։ Անհասկնալի է, թէ ինչու կը փորձուի Արցախի փաստացի (բռնի) անկումը ձեւակերպել նաեւ իրաւաբանօրէն։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է իրաւագիտութեան դոկտոր, քրէական իրաւունքի մասնագէտ Արթուր Ղամբարեան։
«Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը դադրեցնելու մասին Հրամանագիրը իրաւաբանական ուժ չունի, անիկա հիմնուած չէ եւ չէր կրնար հիմնուիլ սահմանադրական որեւէ չափանիշի վրայ։
Այս մասին հիմնաւորումները տե՛ս Ղամբարեան Ա․, Հայոց պետականութեան պահպանման սահմանադրաիրաւական ուղիները․, Եր․, Տիգրան Մեծ, 2022
1) Սահմանադրութիւնը պետութենաստեղծ ակտ է, ուստի որեւէ պարագայի չ՝ընդգրկեր եւ չի ալ կրնար ընդգրկել պետութեան գոյութեան դադրեցման որեւէ ընթացակարգի մասին իրաւական դրոյթներ եւ չափանիշներ․ այս փաստաթուղթը պետականապահպանութեան մասին է եւ ոչ թէ պետութեան ինքնաոչնչացման։
2) Սահմանադրութիւնը չի կրնար ընդգրկել պետութեան ինքնաոչնչացման մասին կարգաւորումներ։ Այլ խօսքով՝ ՀՀ Սահմանադրութիւնը չի կրնար նախատեսել այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան որեւէ քաղաքական իշխանութեան ընդունելու պետութեան ինքնաոչնչացման մասին օրինաչափական (normative) իրաւական ակտ կամ կնքելու պետութեան գոյութեան դադրեցման մասին պայմանագիր, կամ պիտի արտօնէ կատարել պետութեան գոյութեան դադրեցման ուղղուած որեւէ այլ գործողութիւն։ Ինչպէս նշուեցաւ առաջին բաժնին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնաոչնչացումը կամ անկումը հնարաւոր է բացառապէս փաստացի գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք։
3) Անկախութեան հռչակագիրը, չի կրնար իրաւաբանօրէն դադրիլ, անիկա չունի դադրեցման իրաւաբանական հնարաւորութիւն, անիկա յարատեւ գործող փաստաթուղթ է: Անոր գործողութիւնը հնարաւոր է դադրեցնել միայն փաստացի՝ ներքին եւ արտաքին ասպատակիչներու կողմէ Հայաստան պետութեան ինքնաոչնչացման (ոչնչացման) ուղղուած փաստացի վարքագիծով»,- գրած է Ղամբարեանը։