
Արցախի Զօրակցական Հաւաք՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի,
նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
(Առաջնորդ Հիւս. Ա.Մ.Ն. Արեւմտ. Թեմի)
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենան Արցախի նուիրուած յատուկ աղօթք եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախ հայրենիքին համար նահատակուած հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աղօթքի ճամբով զօրավիգ կանգնելու ու նեցուկ ըլլալու արցախահայ մեր հայորդիներուն։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ