Հոկտեմբեր 1-ը՝ Արցախի Համար Համազգային Աղօթքի Օր

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի եւ Սփիւռքի  բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի հնչէ յատուկ արարողութիւն եւ աղօթք:

Մայր Աթոռի սրբազան պահոցներէն դուրս պիտի բերուին տարբեր սրբութիւններ, որոնք պիտի տարուին առաջնորդանիստ ու խոշոր համայնքներ ունեցող եկեղեցիներ՝ մարդոց օրհնութիւն, ուժ եւ զօրութիւն փոխանցելու համար:

Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի նաեւ Մայր Աթոռի մէջ: