
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսի Աւելի Քան 80 Գրասենեակի Ներկայացուցած է ԼՂ-ի Մէջ Տիրող Իրավիճակը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առցանց լսումներու ընթացքին Քոնկրեսի աւելի քան 80 գրասենեակի ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ծայրայեղ ծանր իրավիճակը, որ ստեղծուած է ազրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբեր 19-ին իրականացուած լայնածաւալ յարձակման, անոր նախորդող աւելի քան 9 ամիսներու շրջափակման, ինչպէս նաեւ` ԼՂ-ի մէջ վառելիքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթիւնին հետեւանքով։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Քննարկումը վարած է ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի Կառավարական գործերու ղեկավար Թերեզա Երեմեանը, տեղւոյն վրայ իրավիճակը ներկայացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները։
Յանձնախումբը կ՝արձանագրէ, որ հակառակ Քոնկրեսի անդամներու, ամերիկահայ համայնքի, իրաւապաշտպան տարբեր կազմակերպութիւններու բազմաթիւ կոչերուն, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը հրաժարած է մարդկայնական օգնութիւն ուղարկելէ Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն շարունակած է ռազմական աջակցութիւնը ազրպէյճանին։
Լսումներուն ընթացքին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է ամերիկեան եւ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու «Արցախի մէջ եւ դէպի Հայաստան մարդասիրական միջանցքի երկայնքով՝ ապահովելու հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ազրպէյճանի յետագայ յարձակումներէն»։
Կոչ ըրած է նաեւ արգելափակելու ռազմական աջակցութիւնը ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ սահմանելու պաքուի նկատմամբ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան հանդէպ յարձակման եւ ցեղասպանական գործողութիւններուն համար։