
«Մայր Հայաստան» Դաշինքը Կը Դատապարտէ Պատգամաւորներ եւ Լրագրողներ Ոստիկանատուն Տանելու Գործելաոճը. Յայտարարութիւն
«Մայր Հայաստան» դաշինքը խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու յօդուածով աւելի քան հինգ տասնեակ անձի հանդէպ ապօրինի քրէական հետապնդում յարուցելու եւ ցոյցերու մեկնարկէն ի վեր հարիւրաւոր քաղաքացիներ ոստիկանատուն տանելու առնչութեամբ։
Յատկապէս մտահոգիչ են ակնյայտ քաղաքական ենթահող եւ ընդգծուած բռնութիւն կիրառելով ոստիկանատուն տանելու, ձերբակալելու եւ կալանաւորելու դէպքերը։ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի որդիի՝ Լեւոն Քոչարեանի հանդէպ խոշտանգումն ու շինծու մեղադրանքով կալանաւորումը նշուածի ակնյայտ դրեւորում է։
Անընդունելի է լրագրող Դաւիթ Սարգսեանի ձերբակալութիւնը խուլիկգանութեան ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով։
Անթոյլատրելի է անհնազանդութեան ցոյցերու մասնակից Տաթեւիկ Վիրաբեանի՝ զոհուած զինծառայող Գէորգ Վիրաբեանի քրոջ, կալանաւորումը՝ իբրեւ թէ բռնութեան կոչերու համար։
Դաշինքը կը դատապարտէ պատգամաւորներու եւ լրագրողներու ոստիկանատուն տարուելու գործելաոճը։
Բողոքի եւ անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերու մասնակիցներուն հանդէպ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու գրեթէ բոլոր միջնորդութիւններու՝ դատարաններու կողմէ բաւարարումը կը գնահատենք որպէս իշխանութեան ճիւղերու սերտաճում, ինչը կը խաթարէ պետութեան բնականոն գործունէութիւնը եւ օրհասական կը դարձնէ իշխանափոխութիւնը։
«Մայր Հայաստան» դաշինքը անընդունելի կը համարէ Ոստիկանութեան տաբեր բաժանմունքներու մէջ ՆԳՆ ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ ցուցարարներու հանդէպ կիրառուող ծեծն ու խոշտանգումը, որ կ՝ուղեկցուի մարդոց արժանապատուութիւնը վիրաւորող հայհոյանքներով։
Կոչ կ՝ընենք Ոստիկանութեան, ՀՀ քննչական կոմիտէին, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին պատշաճ գնահատական տալու կատարուածին, վերադառնալու իրավական դաշտ եւ պաշտպանելու ապօրինութիւններէն տուժածներուն իրաւունքները։
«Մայր Հայաստան» դաշինքը հետեւողական պիտի ըլլայ, որպէսզի օրէնքի ընձեռած հնարաւոր բոլոր միջոցներով մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ ապահովուի քաղաքացիներու ազատ արտայայտուելու եւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքի լիարժէք իրացումը։
«Մայր Հայաստան» դաշինք
25․09․2023