Սուսաննա Գաբոյեանը Լքած է Ճատրակի Մրցաշարը եւ Հացադուլ Յայտարարած

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի շախմատիստուհի Սուսաննա Գաբոյեանը դուրս եկած է Ծաղկաձորի մէջ իրականացուող միջազգային մրցաշարէն: Կանանց միջազգային վարպետը այդ առիթով գրառում ըրած է ընկերային ցանցի վրայ:

«Իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Ծաղկաձորի մէջ իրականացուող միջազգային մրցաշարի մասնակցութենէն հրաժարած եմ:

Այսօր առաջին անգամ որոշում կայացուցի մրցաշարի ընթացքէն հրաժարիլ մասնակցութենէս ու միանալ Սուրէն Պետրոսեանի հացադուլին, որուն պահանջը շատ պարզ է. բոլոր անոնք, որոնք յաջողութիւններ ունին տարբեր ոլորտներու մէջ եւ լսելի են հանրութեան կողմէ՝ թող գան Հանրապետութեան հրապարակ Գարեգին Նժդեհի արձանի մօտ։

Մարմնակրթութեան ներկայացուցիչ ըլլալով՝ կ՝ուզեմ կոչով դիմել յատկապէս մարմնակրթութեան մէջ յաջողութիւններ ունեցած մարզիկներուն՝ միանալ ու Պայքարիլ»:

Նշենք, որ «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութեան նախագահ Սուրէն Պետրոսեանը և իր կողմնակիցները երէկ զանգուածային հացադուլ սկսած են՝ ի նշան բողոքի Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ հայաստանեան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան դէմ: