ՀՀ Ոստիկանութիւնը՝ Ոստիկանապետէն Մինչեւ Շարքային Կատարող Յանցակից են նիկոլի եւ ալիեւի Ցեղասպան Գործունէութեան․ Սաղաթելեան

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան կը տեղեկացնէ․

«Այս պահուն ոստիկանութիւնը բիրտ եւ անհամաչափ ուժ կը կիրառէ փողոցը ցոյց իրականացնող քաղաքացիներուն նկատմամբ։

Ձերբակալուած եւ բերման ենթարկուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ։

ՀՀ ոստիկանութիւնը՝ ոստիկանապետէն մինչեւ շարքային կատարող, իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն եւ յանցակից կը դառնան նիկոլի եւ ալիեւի ցեղասպան գործունէութեան։ Ասիկա այլեւս յանցակցութիւն է ցեղասպանութեան։

Դուք այլեւս չէք ծառայեր ՀՀ-ին, այլ կը կատարէք թրքահպատակ իշխանութիւններուն ապօրինի որոշումները, որուն համար պատասխան պիտի տաք։

Յ․Գ. Փաստաբանները եւ ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները կ՝այցելեն ոստիկանական բաժանմունքներ»։