Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում

Սփիւռք

Մուսա լերան հերոսամարտի 108-ամեակին եւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 84-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրին կից տարածքը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Բալիկ Գաբրիէլեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մեր բոլոր նահատակներուն յիշատակը, ապա ըսաւ. «Այս խորհրդաւոր պահուն, յետադարձ ակնարկով մը մենք կ՛երթանք դէպի մեր ուխտի իսկական ակունքները, ուր կը պայծառակերտուին պատմական Մուսա լեռը, անոր հերոս ժողովուրդը, բարբարոս թուրքը, Մովսէս Տէր Գալուստեանն ու զինուորական մարմինը, 40 օրերու հերոսամարտը, 18 նահատակները, կարմիր խաչ դրօշը, «Կիշեն» մարտանաւը, բայց ամէնէն կարեւորը` թուրքին չխոնարհելու մեր պապերու վճռականութիւնը: Վերարժեւորելով մեր այսօրը, սակայն, ամէն բանէ առաջ մեր հայեացքները ինքնաբերաբար կ՛ուղղուին դէպի շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղ եւ հերոսածին, քաջասիրտ, յամառ եւ թուրքին չխոնարհող արցախցիները, եւ թիկունք կանգնելով անոնց կ՛ըսենք. «Արցախը մի՛ ենթարկէք Մուսա լերան ճակատագիրին»:

Բալիկ Գաբրիէլեան նաեւ յիշեց 84 տարեկան աննման Այնճարը եւ ներկաներուն կոչ ուղղելով ըսաւ. «Մենք պարտաւոր ենք տիրութիւն ընելու այս գիւղին` պահելով մեր ազգային դիմագիծը, աւանդութիւնները, եկեղեցիները, դպրոցները,ակումբները, բարբառը, եւ ամէնէն կարեւորը` մեր հողերը»:

Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Արինա Աբրահամեան եւ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Կարէն Հերկելեան ձեռնարկը վարեցին:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մանկապատանեկան «Կաքաւիկ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի:

Ապա Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներէն Աբրահամ Փիլաւճեան եւ Վազգէն Հապէշեան Այնճարի բարբառով ներկայացուցին Մուսա լերան պատմութիւնը:

Անկէ ետք Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի նուագախումբը  ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական եւ ազգային երգերով, խմբավարութեամբ Վրէժ Հաճեանի:

Այնուհետեւ  խօսք առաւ օրուան պատգամախօս Նշան Տէր Գալուստեան. Ան ըսաւ, թէ այսօր մեր նախահայրերու յիշատակն է, որ կը ցնծացնէ մեր հոգիները ու մեզ կը տանի մինչեւ Մուսա լերան բարձունքները, ուր 18 նահատակներու արիւնը թափեցաւ մեր պապենական հայրենիքի ազատութեան համար: Ան ներկաներուն կոչ ուղղելով ըսաւ. «Այսօր կը հաւատամ, որ Մուսա լեռը անցեալ ըլլալէ աւելի, ապրող ներկայութիւն է: Մի՛ մոռնաք, որ մեր հազարամեայ պատմութիւնը, մեր 18 նահատակներն ու հերոս նախահայրերը մեր վրայ դրած են մեծ պարտաւորութիւններ: Մի՛ մոռնաք, որ ներկայիս դժուարին օրեր կ՛ապրին Հայաստանն ու Արցախը: Ժամանակը հասած է համախմբելու հայութեան ուժերը, ժամանակը հասած է ցոյց տալու միասնական մեր ոգին եւ հաւատացէ՛ք, որ մեր բռունցքը պիտի դառնայ յաղթանակող միշտ»:

Ան հաստատեց. «Այնճարը մեր նոր Մուսա լեռն է, համախմբուած եօթը գիւղերով: Այնճարը սիրտն է մուսալեռցիներուս, մայրաքաղաքը աշխարհացրիւ մուսալեռցիներուս»:

Աւարտին պատգամախօսը անդրադառնալով Ֆրեզնոյի մէջ կառուցուած Մուսա լերան նոր յուշակոթողին ինչպէս նաեւ  Այնճարի, Հայաստանի, քանատայի եւ Եգիպտոսի մէջ գտնուող յուշակոթողներուն, ըսաւ. «Թող որ այս յուշակոթողները մշտապէս արթուն պահեն նոր սերունդները համայն սփիւռքի մէջ, ի յիշատակ մեր նախահայրերուն ազգանուէր խիզախութեան», եւ իր  խօսքը փակեց ըսելով. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

Ապա մեներգով հանդէս եկաւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտուհի Կալի Գալուստեան` նուագի ընկերակցութեամբ  Նարօ Գարայեանի, որմէ ետք Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի պարախումբը ելոյթ ունեցաւ Մուսա լերան մարտական պարով:

Ապա  «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Լիլի Գապաքեան մեներգով մը հանդէս եկաւ, այնուհետեւ  Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի  նուագախումբին ընկերակցութեամբ:

Ձեռնարկի աւարտին իր պատգամը ուղղեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ անդրադարձաւ, թէ մեր այսօրուան հաւաքը եւ ներկայութիւնը մեծագոյն փաստն են զօրակցութեան, միասնականութեան, որ կը նուիրենք իբրեւ աջակցութիւն Արցախի մէջ շրջափակուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Ան հաստատեց, որ Այնճարի ժողովուրդը ամէն տարի այս օրերուն իր թեւերը լայն բացած կը դիմաւորէ բոլոր հայրենակիցները, որոնք կու գան ջերմացնելու եւ լուսաւորելու Այնճարը իրենց ներկայութեամբ աղօթքներով, հաւատքով եւ յոյսով: Աւարտելով իր պատգամը` հայր սուրբը ըսաւ. «Այսօր Այնճարի գմբէթը, սրբութիւնը, նկարագիրը եւ ներկայութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին վիզին պարտքն է, պէտք է անդրադառնանք եւ վերջ տանք մեր արժէքները օտարներուն ձեռքերուն մէջ դնելու կեցուածքին: Մենք ինքնուրոյն ենք, մենք հայ ենք, մենք Արցախ ենք, մենք Այնճար ենք, Մուսա լեռ ենք եւ մենք միշտ յաղթական ենք»:

Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ- զուրնայով:

Կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ինչպէս նաեւ Մուսա լերան յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում: