Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան Դարձաւ ԱԱ-ի Պրոնզէ Մետալակիր եւ Նուաճեց Փարիզի Խաղերու Ուղեգիր
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ աշխարհի առաջնութեան եռակի պրոնզէ մետալակիր եւ նուաճեց Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր: Այս մասին կը հաղորդէ News.am Sport-ը։
Սերբիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի վարկանիշային առաջնութեան 57 քկ քաշային կարգի պրոնզէ մետալին համար գօտեմարտին Յարութիւնեան ուժերը չափեց ղազախ Մէյրամբեկ Գարդպայի հետ: Հայ ըմբիշը յաղթեց 11:0 հաշուով:
Արսէն Յարութիւնեան Եւրոպայի եռակի ախոյեան է, աշխարհի առաջնութեան` եռակի պրոնզէ մետալակիր, մասնակցած է Թոքիոյի 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն:
Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը պիտի կայանան 2024 թուականի Յուլիս 24-Օգոստոս 11: