ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` «Հելթ Տէյ»
Յաճախ կը լսենք աւանդական խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Առողջ մարմին, առողջ միտք»: Առողջ միտքն ու առողջ մարմինը կարելի չէ իրարմէ բաժնել եւ իրարմէ անջատ կերպով մտածել, քանի որ առողջ միտքն ու մարմինը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Սակայն ի՞նչ կը պատահի, երբ ունենանք առողջ մարմին մը եւ առողջ միտք մը:
Երբ առօրեայ դրութեամբ հոգ տանինք մեր մարմնին եւ մեր մտքին, ժամանակ մը ետք կ՛ըլլանք աւելի աշխուժ եւ խանդավառ, մտայնապէս կ՛ըլլանք աւելի արթուն եւ ուղղամիտ եւ հոգեպէս կ՛ըլլանք ուրախ:
Ուստի, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, գործակցաբար Լիբանանի օգնութեան խաչին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ «ԵԱՍԱ»-ին, Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2023-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դիմաց իրականացուց «Հելթ տէյ» ծրագիրը:
«Հելթ տէյ»-ի ծրագիրի գործադրութեամբ, ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցան թոքերու քննութիւն, շաքարի քննութիւն, արեան ճնշումի հետեւողութիւն եւ արեան տուչութիւն, ինչպէս նաեւ` ակռաներու խնամքի, ճաշի ապահովութեան, մարզանքի կարեւորութեան եւ սննդականոնի նիւթերով մասնագէտներու հետ հարցազրոյցներ, որոնք ուղիղ սփռուեցան ԶՈՄ-ի Դիմատետրի էջով: