Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան Անդամները

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 14-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայ կանանց միջազգային միութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ միութեան ղեկավար Հրանուշ Յակոբեանի։

Հանդիպման ընթացքին տիկին Յակոբեանը, անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դերակատարութեան, հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ միութեան անդամներուն` կարեւոր համարելով հայ կանանց եւ մայրերուն դերը ազգային կեանքի մէջ, յատկապէս յետպատերազմեայ այս բարդ ու ծանր շրջանին տիրապետող յուսահատական տրամադրութիւններու յաղթահարման գործին մէջ։

Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ստեղծուած դժուար իրավիճակը եւ ծառացած հիմնախնդիրները հնարաւոր է յաղթահարել համատեղ ջանքերով եւ ազգային միասնականութեամբ։

Իր խօսքին մէջ Հայոց Հայրապետը գոհանակութեամբ անդրադարձաւ Հայ կանանց միջազգային միութեան օգտաշատ ծառայութեան` ուղղուած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ազգային արժէքներու զօրացման։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատասխանեց միութեան անդամներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ ծիսաարարողական կեանքին եւ տարբեր ոլորտներու մէջ ծաւալած գործունէութեան։