Մենք Չենք Կրնար Այլ Ուղղութեամբ Նայիլ, Երբ Հայ Ժողովուրդը Արցախի Մէջ Կը Տառապի Մարդկայնական Ճգնաժամէ․ Ուրուկուէյի ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ուրուկուէյի պաշտպանութեան նախարար Խաւիեր Կարսիան Պուէնոս Այրէսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղարար գործողութիւններուն նուիրուած Լատինական Ամերիկայի եւ Գարիպեան աւազանի համաժողովին ժամանակ անդրադարձած է ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման։ Այս մասին յայտնած է Diarioarmenia-ն։

«Մենք չենք կրնար այլ ուղղութեամբ նայիլ, երբ հայ ժողովուրդը Արցախի մէջ կը տառապի մարդկայնական ճգնաժամէ՝ Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն պատճառով։ Եթէ ​​խաղաղութեան այս ցամաքամասը, որ կը միաւորէ մեզ եւ որ մենք կ՝ընդունինք, իսկապէս ցամաքամաս է առաջնորդի կոչումով, ուստի անիկա չի կրնար չդատապարտել խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու դէմ ոտնձգութիւնները, որոնք կ՝իրականացուին Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ներխուժումէն ի վեր, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնց հետեւանքները կը կրէ հայ ժողովուրդը»,- յայտարարած է Խաւիեր Կարսիան։