Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում

Սփիւռք

2 Սեպտեմբեր 2023-ը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի ընդհանրապէս Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, բայց մասնաւորապէս Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ. Համազգայինը` իբրեւ մշակութային արժէքներու որակաւորման վաւերական կեդրոն, փայլուն փարոս, բաբախող սիրտ  եւ մանաւանդ Մուսա Լեռ- Այնճարի նորահաս սերունդներու տաղանդները յղկող, մտքերը պայծառացնող ու անոնց ազգային դիմագիծ տուող, երբեք չյոգնող նպատակասլաց միջավայր:

Արդարեւ, մեր երիտասարդ եւ կրտսեր համազգայնականները իրենց բծախնդիր եւ կշռութաւոր կատարումներով հմայեցին ներկաները` Համազգայինի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը պսակելով դալարագեղ դափնիներով, միութեան ղեկավարութիւնը դնելով պարտաւորեցնող նոր յանձնառութիւններու տակ:

Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը Այնճարի մէջ նշուեցաւ հարուստ եւ ոգեւորիչ յայտագիրով, ինչպէս նաեւ` խորիմաստ ու թելադրական խօսքերով:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի նախագահութեամբ, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինին տարածած համասփիւռքեան մշակութային եւ կրթական գործունէութեան կարեւորութեան:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Նայիրա Ադամեան` կարեւոր նկատելով մշակութային հետեւողական աշխատանքը, նաեւ յաջողութիւն մաղթեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Օրուան պատգամախօսն էր Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ նախ անդրադառնալով իր անհատական կազմաւորումին մէջ Համազգայինի ներգործած բազմաբովանդակ ազդեցութեան` շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայկական միջավայրի մէջ, մանաւանդ` սփիւռքի տարածքին: Ան Համազգայինի հիմնադրման եւ բազմաբեղուն գործունէութեան պատմական հակիրճ ակնարկէ ետք կարեւոր նկատեց այս իւրայատուկ միութեան յարատեւ եւ հետեւողական գործունէութիւնն ու աշխատանքները: (Խօսքին ամբողջութիւնը):

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն,  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքը սկսաւ` յիշելով «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղ մուտքն ու նահատակ  Զաւէն Թաշճեանի յորդորը, որ կոչ մը եղած էր իրեն` մտնելու Համազգայինի յարկին տակ եւ աւելի քան երեսուն տարի շարունակելու ըլլալ Համազգայինի ծառայ եւ սպասաւոր: Անդրադառնալով Համազգայինի հիմնադիր սերունդին ցուցաբերած հեռատես ու ազգօգուտ նախաձեռնութիւններուն` ան շեշտեց. «Համազգայինը մեծերու միութիւն է»:

Աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ խօսեցաւ Համազգայինի առաքելութեան մասին եւ շեշտեց, որ հակառակ 95 տարիներուն` միութիւնը կը մնայ նոյնը, բայց` նոյնքան ուժական: Ան լուսարձակի տակ առնելով  Արցախի անկախութեան տօնը, որ կը զուգադիպէր ձեռնարկի օրուան,  միաժամանակ ներկայացուց Արցախի  ճգնաժամային  կացութիւնը` ներկաները  հրաւիրելով  հանդիսութեան աւարտին ազատութեան եւ պայքարի ոգիով հնչեցնել Արցախի քայլերգը:

Տօնակատարութիւնը յագեցած   էր գեղարուեստական յայտագիրով. վերակազմուած «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը, Նեկտար Թիւմպէրեան-Փալազեանի խմբավարութեամբ,  ելոյթ ունեցաւ փունջ մը երգերով,  Համազգայինի նուագախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ` Եսայի Սգայեանի ղեկավարութեամբ, պարուսոյց մանկավարժ Լալէ Անտոնեան հմայեց ներկաները նազպարով մը, ապա հանդէս եկաւ Կրէյս Գալուստեան` Պարոյր Սեւակի «Դիմակահանդէս» քերթուածով:

Հանդիսութեան աւարտին Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր սրտի խօսքը արտասանեց:

Համազգայինի 95-ամեակի հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արցախի քայլերգով:

«Ազդակ»