«Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-ամերիկեան Զօրավարժութիւնը Սկսած է

Աշխարհ, Հայաստան

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս՝ Սպտեմբեր 11-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ բաժանմունքի «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ ազդարարուած է «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան զօրավարժութեան սկիզբը։

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած է ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Էդվարդ Ասրեանը։

Զօրավարժութեան օրերուն պիտի խաղարկուին հակամարտող կողմերուն միջեւ կայունացման ապահովման գործողութիւններ՝ խաղաղապահ առաջադրանքներու կատարումով։

Կը նշուի, որ զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրէն ներս, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը՝ ՆԱԹՕ/ԳՀԽ «Օփերատիւ կարողութիւններու հայեցակարգ»-ի ծրագրային գնահատման համար: