
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Եւրոպայի Րաբբիական Կեդրոնի Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Սեպտեմբեր 7-ին տարածած յայտարարութեամբ իր խոր ափսոսանքը կը յայտնէ Եւրոպայի րաբբիական կեդրոնի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութեան վերաբերեալ եւ խստօրէն կը դատապարտէ զայն։
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ այդ յայտարարութեամբ եւրոպացի րաբբիները իրենց վրդովմունքը յայտնած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործման առնչութեամբ։
Հայ Դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կը նշուի․«ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՝ընդունի եզրոյթին զգայունութիւնը, յատկապէս Հոլոքոսթի ժամանակ հրէայ ժողովուրդին կրած հսկայական տառապանքներուն լոյսին տակ եւ լիովին կարեւոր կը համարէ յարգանքի տուրք մատուցելու, ինչպէս նաեւ այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն յիշատակը պահպանելու կարեւորութիւնը: Եզրոյթը չէ օգտագործուած որպէս պատմական համեմատութիւն։ Ցեղասպանութեան միջազգային իրաւական սահմանումը, որ ճանչցուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կողմէ 1948 թուականի համապատասխան համաձայնագրով, կը ներառէ հետեւեալը՝ «գործողութիւններ, որոնք կատարուած են ազգային, ցեղական, ռասայական կամ կրօնական խումբը ամբողջութեամբ կամ մասնակի ոչնչացնելու մտադրութեամբ»։ Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի մասնակից պետութիւնները ստանձնած են ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու պարտականութիւնը: Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դիրքորոշմամբ՝ «մասնակից պետութիւնները պէտք չէ «սպասեն, մինչեւ կը սկսի ցեղասպանութեան իրագործումը», եւ «պարտաւորութեան ամբողջ իմաստը ցեղասպանութեան կանխարգիլումն է կամ կանխարգիլելու փորձը»:
Տարբեր միջազգային անկախ եւ մարդու իրաւունքներով զբաղող կազմակերպութիւններ բազմաթիւ զեկոյցներու եւ յայտարարութիւններու միջոցով կ՝ահազանգեն Արցախի մէջ ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութեան մասին, որ իր էութեամբ ցեղասպանական է։ Իր վերջին զեկոյցին մէջ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն կը պնդէ՝ «ակնյայտ հիմքեր կան ենթադրելու, որ ազրպէյճանը ներկայիս ցեղասպանութիւն կ՝իրականացնէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ»։ Genocide Watch-ը նոյնպէս բազմաթիւ ահազանգեր տարածած է այս առնչութեամբ:
Արդէն ինն ամիս է՝ ազրպէյճանը շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաները՝ բացայայտօրէն խախտելով հրադադարի մասին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։
2023 թուականի Յունիս 15-էն ի վեր ազրպէյճանի իշխանութիւնները ամբողջութեամբ պաշարած են Արցախը՝ արգելափակելով սննդամթերքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութիւնը։ Ատիկա տեղի կ՝ունենայ, հակառակ այն հանգամանքին, որ ԱՄՆ-ը, Եւրոպական միութիւնը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կոչ ըրած են ազրպէյճանին անյապաղ վերացնելու շրջափակումը: ազրպէյճանը կ՝օգտագործէ սովամահութեան հասցնելու եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն զրկելու քաղաքականութիւն` հայ ժողովուրդը սեփական հայրենիքէն հայաթափելու նպատակով:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Եւրոպայի րաբբիական կեդրոնի անդամներուն կոչ կ՝ընէ ճանչնալու իրավիճակին սրութիւնը Արցախի մէջ եւ հաւատարիմ մնալու արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքներուն, իբրեւ ազգի մը ներկայացուցիչներ, որ ժամանակին, յանուն արդարութեան, խիստ կարիք ունէր միջազգային հանրութեան աջակցութեան եւ կարեկցանքին»։