
Այս Պատասխանատու Պահուն Սթափութեան Կոչ Կ՝ընեմ Բոլորին ու Կը Յորդորեմ Չտրուիլ Ժողովուրդը Պառակտող Սադրանքներուն․ Դաւիթ Իշխանեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեանի կոչը Արցախի ժողովուրդին․
Յարգելի´ հայրենակիցներ,
Վաղը` Սեպտեմբեր 9-ին, Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն՝ Ազգային ժողովը պիտի ընտրէ Հանրապետութեան նախագահ: Ստեղծուած ոչ սովորական իրավիճակին մէջ այս քայլին կ՝երթանք ամէն օր աւելցող մարտահրաւէրներուն արագ արձագանգելու, երկրի ներքին կեանքը արդիւնաւէտօրէն կազմակերպելու եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն յաւուր պատշաճի դիմագրաւելու նպատակով:
Երկրի ղեկավար ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը Սահմանադրութեամբ դրուած է ձեր կողմէ ընտրուած խորհրդարանին վրայ: Բացառապէս Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն վերապահուած է հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրելու լիազօրութիւնը, որն ալ իրականացուած է սահմանուած կարգով: Առ այսօր Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի եւ նոր նախագահի ընտրութեան համար նախապատրաստական բոլոր գործընթացները կազմակերպուած են Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան համապատասխան՝ հաշուի առնելով առկայ սուր ճգնաժամային իրավիճակը:
Նկատի ունենալով վերջին օրերուն հանրային տրամադրութիւններուն մէջ զարգացող որոշակի վտանգաւոր միտումները՝ այս պատասխանատու պահուն, ինծի վերապահուած իրաւունքով, սթափութեան կոչ կ՝ընեմ բոլորին ու կը յորդորեմ չտրուիլ ժողովուրդը պառակտող սադրանքներուն, չենթարկուիլ նեղ խմբային շահերուն եւ յանուն ընդհանուր շահի մէկ կողմ ձգել անձնական նախապատուութիւնները: Ոչ ոք իրաւունք ունի մեր հանրութիւնը, անոր առանձին խումբերը տանելու արկածախնդրութեան մեզի համար ճակատագրական այս ժամանակահատուածին: Կ՝ուզեմ յատուկ ընդգծել եւ վստահեցնել ձեզի, որ ներքին կայունութիւնը խաթարող բոլոր գործողութիւնները պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով:
Մենք ունինք բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ի չիք դարձնելու Արցախի Հանրապետութեան պետական հիմնարկները կազմալուծելու ազրպէյճանի ցանկութիւնը եւ որեւէ գործողութեամբ պէտք չէ նպաստենք ազրպէյճանական յանցաւոր նպատակներու իրագործման:
Մենք յանձնառու ենք պաշտպանելու եւ ամրապնդելու երեք տասնամեակ կերտած պետականութեան հիմքերը: Ատիկա մեր ժողովուրդին ցանկութիւնն է, կամքը, եւ մենք պարտաւոր ենք առաջնորդուելու այդ պատգամներով:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիս՝ այս յոյժ կարեւոր քաղաքական գործընթացը իրականացնելու ճանապարհին:
Հաւատացած եղէ´ք՝ միասին անհնարը հնարաւոր կը դարձնենք: