ԱՄՆ Նախագահը Պէտք է Նաեւ Արցախը Բանակցութիւններու Սեղան Բերէ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պայտըն ԱՄՆ-ի այն նախագահն է, որ ճանչցած է 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ իր աչքին առջեւ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով յայտարարած է ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի Կառավարական գործերու ղեկավար Թերեզա Երեմեան:

«Եթէ Օգամփոն լսենք, կը տեսնենք՝ ինքը ոչ թէ ազրպէյճանը կը մեղադրէ, այլ կ՝ըսէ, որ Միացեալ Նահանգները, տեսնելով, որ ցեղասպանութիւն տեղի կ՝ունենայ Արցախի մէջ, լռելով, յանցակից կը դառնայ ազրպէյճանին: Պայտըն ԱՄՆ-ի այն նախագահն է, որ ճանչցած է 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ իր աչքին առջեւ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար»,- ըսած է Թերեզա Երեմեան:

Անոր կարծիքով՝ Օգամփոյի խօսքը հիմա առաւել քան կարեւոր է, որովհետեւ կ՝ըսուի, որ Արցախի մէջ կատարուողը ոչ միայն ազրպէյճանի մեղքն է, այլեւ Միացեալ Նահանգներու:

«Բանակցութիւններ տեղի կ՝ունենան Հայաստանի, ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու միջեւ, թէ ինչ ապագայ պիտի ունենայ Արցախը: Կարեւոր է՝ ԱՄՆ նախագահը ճնշում զգայ, որ ինքը բանակցութիւններու սեղան պէտք է բերէ ոչ թէ Հայաստանն ու ազրպէյճանը, այլ պէտք է ձայն տայ Արցախին, որովհետեւ այդ պետութեան մարդիկ կը ճնշուին այս շրջափակման մէջ»,- եզրափակած է Երեմեան:

arfd.am