ազրպէյճանը Սովը Կ՝օգտագործէ Որպէս Հայերը Ոչնչացնելու Գործիք․ Արցախի ԱԳ Նախարարին Հարցազրոյցը Ֆրանսական Ouest-France Օրաթերթին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Սերգէյ Ղազարեան հարցազրոյց տուած է ֆրանսական Ouest-France օրաթերթին, ուր կ՝ըսուի․

— 2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ի վեր ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Արցախի Հանրապետութեան մէջ։

— ազրպէյճանը կը շարունակէ իր սպառնալից հռետորաբանութիւնը եւ հայերուն դէմ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Սկիզբը՝ 2023-ի Յունուար 9-ին, խաթարած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրականութեան, իսկ այնուհետեւ՝ Մարտի կիսուն՝ նաեւ կազի մատակարարումը։ Աւելի ուշ, ազրպէյճանական կողմը Բերձորի միջանցքին վրայ տեղադրած է ապօրինի անցակէտ։ Յունիս 15-էն վերջնականապէս լիովին արգելափակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը։ Տեղաշարժը այլեւս արգելափակուած է մարդոց, սննդամթերքի, դեղորայքի եւ կենսական անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու համար։

— Ինչպիսի՞ հետեւանքներ ունեցած շրջափակումը։ 

— Ընտանիքները բաժնուած են իրարմէ, խաթարուած է հիւանդանոցներու բնականոն գործունէութիւնը: Վառելիքի բացակայութեան պատճառով գիւղատնտեսական աշխատանք կատարողները չեն կրնար հողատարածքները մշակել: Աւելին՝ անոնք ամէնօրեայ եղանակով թիրախ կը դառնան ազրպէյճանի զինուած ուժերուն, որուն նպատակն է խոչընդոտել ցանկացած տեսակի տնտեսական աշխատանք Արցախի մէջ եւ ալ աւելի խորացնել սովը։ Ասիկա մարդկայնական աղէտ է։

Մեր պաշարները սպառած են․ միայն քանի մը օրուան ալիւրի ու հացի պաշար ունինք։ Արցախի մէջ ամէն երրորդ մահուան պատճառը սովն ու թերսնումն է։ Պատկերացուցէք՝ ինչ տեղի կ՝ունենայ, եթէ այս շրջափակման վերջ չդրուի։ Պէտք է անյապաղ միջոցներ կիրառել, այլապէս չափազանց ուշ պիտի ըլլայւ։

— Ըստ Ձեզի՝ սովը կանխամտածուած կերպո՞վ կազմակերպուած է։

— Այո, միջազգային յառաջատար փորձագէտները իրավիճակը կը բնորոշեն որպէս ցեղասպանութիւն։ ազրպէյճանը սովը կ՝օգտագործէ որպէս հայերը ոչնչացնելու գործիք։

— Ինչպէ՞ս կարելի է կանխել այս ցեղասպանութիւնը։

— Երկիրներու ղեկավարներն ու ՄԱԿ-ը պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորեն։ Միջազգային հանրութիւնը ունի ցեղասպանութիւնները կանխելու պարտաւորութիւն եւ կարողութիւն։ Միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւնները պատշաճ կերպով տեղեկացուած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։ Անոնք պէտք է առարկայական գնահատական տան անոր։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ համապատասխան բանաձեւ ընդունիլ՝ կոչ ընելով ազրպէյճանին դադրեցնելու շրջափակումը։ Միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է պատժամիջոցներ կիրառեն շրջափակման պատասխանատուներուն հանդէպ եւ բոլոր հնարաւոր ճանապարհներով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեն, ներառեալ՝ օդային ճանապարհով։

Մենք կը դիմենք ազատ ու յառաջադէմ աշխարհին՝ պաշտպանելու մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները։ Եկէք ժամանակ չվատնենք, քանզի, ի վերջոյ, խօսքը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին է։