
Բերձորի Միջանցքին Շրջափակումը Պէտք է Դիտարկուի Որպէս Ցեղասպանութիւն. ԵԽ-ի Մէջ Քննարկած է Արցախի Մարդկայնական Ճգնաժամը
Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի հանդիպման, Սեպտեմբեր 6-ին, քննարկուած է Բերձորի միջանցքին արգելափակումը եւ մարդկայնական ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այս մասին յայտնած է ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը:
ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Մարիա Բէյչինովիչ Պուրիչը Նախարարներու կոմիտէին ներկայացուցած է Մայիս-Յուլիսին ԵԽ բարձրաստիճան պատուիրակութեան Հայաստան եւ ազրպէյճան կատարած այցերուն արդիւնքները։ Շարք մը պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը, հանդէս եկած են Բերձորի միջանցքին վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան նշած է, որ Հայաստան այցին ընթացքին ԵԽ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը, մեկնելով Բերձորի միջանցքի սկզբնամաս, տեղւոյն վրայ ականատես եղած է Բերձորի միջանցքի ամբողջական արգելափակման։ Ընդգծած է, որ ազրպէյճանը իր գործողութիւններով բացայայտ ցոյց կու տայ իր իրական նպատակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղական զտումներու իրականացումը, որ անհամատեղելի է ազրպէյճանի՝ Եւրոպայի խորհուրդին անդամակցութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ։ Դեսպանը շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդկայնական եւ մարդու իրաւունքներու ճգնաժամը րոպէ առաջ կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Յորդորած է ազրպէյճանին դադրեցնելու շրջափակումը եւ լիարժէք կերպով կատարելու Միջազգային արդարադատութեան դատարանի եւ ՄԻԵԴ իրաւականօրէն պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները։
«Որպէս առաջնային հրատապ քայլ՝ Եւրոպայի խորհուրդը պէտք է փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղէ Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ։ Փաստահաւաք առաքելութիւն յայցուած է նաեւ Բերձորի միջանցքին վերաբերեալ ԵԽԽՎ բանաձեւին մէջ, իսկ ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյադովիչը հաստատած է պատրաստակամութիւնը մեկնելու Լեռնային Ղարաբաղ»,- նշած է դեսպան Խաչատրեան։
Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը պէտք է լուծում գտնեն պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեքենականութեան ծիրէն ներս:
Նախարարներու կոմիտէի օրակարգային այլ կէտով մը քննարկուած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամբոյի՝ «Ցեղասպանութիւն հայերու դէմ 2023 թուականին» զեկոյցը։
Դեսպան Խաչատրեան նաեւ ընդգծած է, որ ազրպէյճանի գործողութիւնները ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի կը հակասեն ԵԽ սկզբունքներուն եւ արժէքներուն: Եւրոպայի խորհուրդը չի կրնար անհետեւանք ձգել ազրպէյճանի անդամակցութեան եւ համաձայնութեան պարտաւորութիւններուն ակներեւ խախտումները։