
New York Times-ի Սիւնակագրին Յօդուածը ԼՂ-ի Իրավիճակի Մասին
ազրպէյճանը կ՝օգտուի այն բանէն, որ Ռուսիան զբաղած է Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեամբ, եւ ատիկ կ՝օգտագործէ «մարդկութեան դէմ իր սեփական յանցագործութիւնները» իրականացնելու նպատակով։
Նման կարծիք յայտնած է New York Times-ի սիւնակագիր Նիքոլաս Քրիստոֆը՝ անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Յօդուածը վերնագրուած է այսպէս․ «Հերթական ցեղական զտումը կրնայ տեղի ունենալ, եւ մենք անուշադրութեան կը մատնենք զայն»։
«Դուք, հաւանաբար, չէք լսած Լեռնային Ղարաբաղ կոչուող հայկական անկլաւի նկատմամբ ազրպէյճանի դաժանութեան մասին, սակայն անիկա արժանի է քննութեան»,- գրած է յօդուածին հեղինակը՝ յիշեցնելով Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամբոյի զեկոյցը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «ցեղասպանութիւն տեղի կ՝ունենայ» հայերուն հանդէպ։
«Չափազանց կարեւոր է ասիկա պիտակաւորել՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն»,- ըսած է Օգամբոն Նիքոլաս Քրիստոֆին՝ կարեւոր համարելով, որ ԱՄՆ-ն եւ համաշխարհային այլ տէրութիւններ, նաեւ՝ այս թեմային շուրջ բաւական քչախօս Մեծ Բրիտանիան, աւելցնեն ճնշումը ազրպէյճանի վրայ։
New York Times-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ հերթական անգամ կը խօսուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման մասին, համաձայն որուն ազրպէյճանը պէտք է վերացնէ շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ծանր մարդկայնական իրավիճակին մասին։
«2020 թուականին ազրպէյճանը կարճ պատերազմ մղեց, որուն ընթացքին գրաւեց անկլաւի մեծ մասը, եւ այժմ ան կ՝ուզէ ետ բերել մնացած մասը եւ, ըստ ինծի, դուրս մղել հայ բնակչութեան մեծ մասը»,- կը նշէ յօդուածին հեղինակը:
Կը նշուի, որ ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան, որոնք շատ տարամէտ դիրքորոշումներ ունին բազմաթիւ հարցերու շուրջ, համակարծիք են այն հարցով, որ ազրպէյճանը պէտք է բանայ Բերձորի միջանցքը։