
Եղեք Արցախի Կողքին, Արցախը Ունի Բոլորիս Կարիքը. ՀՄԸՄ Արցախի Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ Արցախի միաւորի անդամներուն ուղերձը շրջափակուած Արցախէն.
«Բարեւ աշխարհ,
Ես հայ սկաուտ եմ, ես հայ եմ: Մենք ՀՄԸՄ Արցախի սկաուտներն ենք, մենք հայ ենք:
Արդեն մօտ 9 ամիս է ինչ մենք կը գտնուինք շրջափակման մէջ, չունինք բնականոն ապրելու եւ արարելու նուազագոյն պայմաններ, չունինք սնունդ, դեղորայք, վառելիք եւ անոնցմէ բխող ամէն ինչ։
Բայց կը կրկնեմ՝ մենք հայ ենք, ազգ, որ յանձնուիլ չի գիտեր, որ դարեր շարունակ կը պայքարի սեփական հողին վրայ ապրելու համար, որ ունեցած է բազում նուաճումներ, ինչու չէ նաեւ անկումներ։
Կը դիմենք Ձեզի, համայն հայութիւն, Հայաստան եւ Սփիւռք, եղէք Արցախի կողքին, Արցախը ունի բոլորիս կարիքը»։