
Նոր Զոհեր, Նոր Մարած Օճախներ, եւ Այսպէս Կը Շարունակուի, Քանի Դեռ Ղեկին Նիկոլ Փաշինեանն է․ «Որդիների Կանչ»
Այսօր նոյն պատկերն է՝ նոր զոհեր, նոր մարած օճախներ: Ասոնք են այսօրուան իշխանութեան կողմէ քարոզուող խաղաղութեան դարաշրջանի պտուղները, եւ այսպէս կը շարունակուի, քանի դեռ երկրի ղեկին է Ն.Փ.-ն: Այսօր նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Որդիների կանչ» հասարակական կազմակերպութիւնը։
«Պատերազմը այդպէս ալ չդադրեցաւ, քանի որ մուրալով երբեք խաղաղութիւն չես ստանար»,- նշած է կազմակերպութիւնը՝ տեղեկացնելով, որ վաղը, Սեպտեմբեր 2-ին, ժամը 18:00- ին, պիտի հաւաքուին Ազատութեան հրապարակ` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ բոլոր հայերու: