
Արցախի Նուիրուած «Մենակ Չէք, Միասին Ենք, Մէկ Ենք» Խորագիրով Ձեռնարկ՝ Այնճարի Մէջ (լուսանկարներ)
Ուրբաթ 1 Սեպտեմբեր-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս․Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ «Մենակ չէք, միասին ենք, մէկ ենք» խորագիրով ստորագրահաւաք-ձեռնարկ-մոմավաշութիւն՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան։
Ձեռնարկը, որ կազմակերպած էր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբը, սկիզբ առաւ ՀՀ եւ ԱՀ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս-լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նոյն օրը Հայաստանի սահմաններուն վրայ նահատակուած հերոսներուն։
Բացման խօսքէն ետք՝ «Ղարաբաղը երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագիրով դախօսութիւն մը ներկայացուց ընկեր Լութֆիկ Այվազեան, որուն յաջորդեց մոմավառութիւն՝ դէպի Այնճարի հրապարակ։
Լուսանկարները՝ Mousaleranjar Մուսալեռ-Այնճար Facebook-ի էջէն


