Արցախը Միշտ Իմացած է Ինչպէս Միաւորել, եւ Վստահ Եմ, Որ Այդ Օրը Ան Մեզ Կրկին Պիտի Միաւորէ․ Թեւան Պօղոսեան

Հայաստան, Սփիւռք

Քաղաքական-հասարակական գործիչ Թեւան Պօղոսեան կը գրէ.

«Սեպտեմբեր 2-ի առաջարկս, խնդրանքս, կոչս աշխարհի ցանկացած հայու դարձեալ նոյնն է՝ եկէք բոլոր հայերով, աշխարհի ցանկացած կէտ, առնուազն այդ 24 ժամը ապրինք Արցախով։

Իսկ Երեւանի մէջ, յուսամ, որ Սեպտեմբեր 2-ին հազարաւոր հայերու հոսք պիտի ըլլայ դէպի Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն (ք.Երեւան, Նայիրի Զարեան 17 ա/2):

Ամբողջ օրուան ընթացքին, ցանկացած պահ՝ որուն երբ յարմար է, այցելենք Արցախի Հանրապեութեան ներկայացուցչութիւն, թէկուզ 5 վայրկեանով, եւ մեր սրտի, հոգիի եւ մտքի աջակցութիւնը յայտնենք արցախահայութեան՝ իրենց պայքարին համար: Սեպտեմբեր 2-ը ընկերային ցանցերու միջոցով դարձնենք Արցախի օր, օրինակ՝ եղած են առաջարկներ, որ օգտագործենք հեշթեգեր: Ահա քանի մը հատը, որ կրնաք օգտագործել՝ ըստ ձեր ցանկութեան եւ յարմարաւէտութեան:

#WithArtsakh

#ArtsakhStrong

#UnitedForArtsakh

#ՔեզհետԱրցախ

#ՍիրտԱրցախ

#ՄիշտմիասինԱրցախ

#ՀայկականԱրցախ

Այցելեցէք խումբերով, մինակ, անկախ ամէն ինչէ:

Արցախը միշտ իմացած է ինչպէս միաւորել, եւ վստահ եմ, որ այդ օրը ան մեզ կրկին պիտի միաւորէ:

Արցախը մեր բոլորին կարիքը ունի»։