Երիտասարդութեան Արցախեան Կանչը․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մի՛շտ ալ խրոխտ ու վճռակամ եղած է երիտասարդութիւնն ու անոր ուժը խորհրդանշող բռունցքը։

Յատկապէս հայ երիտասարդութեան համար, դժուար ու դժնդակ են իր դիմաց կանգնող մտահոգութիւններն ու անելները։

Ամերիկահայ ապագայ սերունդին համար, իւրայատուկ է Միացեալ Նահանգներու Աշխատաւորներու օրուան (Labor day) զուգադիպող` Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ողիմպիականը, որ կը կազմակերպուի ամէն տարի։

Ճակատագիրն ու զուգադիպութիւնը այնպէս մը բերին, որ այս տարուան Ողիմպիականը տեղի կ’ունենայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։

Քանի մը օրուան վրայ երկարող այս հաւաքը տարբեր բնոյթ պիտի ունենայ։ Միայն ընկերային հաւաք, մրցումներ եւ հանդիպումներ պիտի չկատարուին, այլ կայ աւելի՛ կարեւորն ու առաջնահերթը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1-ին տեղի պիտի ունենայ կարեւորագոյն «մրցումն ու տողնացքը»՝ Արցախի շրջափակման դէմ հանրահաւաքը, Սպիտակ Տան կից, Լաֆայէթ հրապարակին շուրջ։

Մասնակիցները պարզ ճիչ մը պիտի չարձակեն, ալ աղաղակ ու կանչ։

Երիտասարդութիւնը միշտ ալ իր խօսքը ունեցած է մեր հաւաքական կեանքին մէջ, իսկ այսօր, հայրենի հողին վրայ ամիսներէ ի վեր շարունակուող ահաւոր իրադարձութիւններուն դէմ բռունցք բարձրացուցած է եւ արդարութիւն պահանջած։

Ամերիկահայ երտասարդութիւնը պիտի չլռէ եւ կուլ պիտի չտայ Բերձորի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մանաւանդ երբ ապօրինի անցակէտ մը ստեղծելով՝ ազերի բանակայիններ (վաղուց մոռցուած է բնապահպաններ կեղծիքին տակ հաւաքուածները) օր-ցերեկով առօք-փառօք արցախցիներ կ’առեւանգեն, խտրութիւն չեն դներ տարեցին ու երիտասարդին միջեւ:

Ուաշինկթընի մէջ խմբուած երիտասարդներուն տարիքը ունին, հազիւ 21-22 գարուններ բոլորած՝ անմեղ արցախահայ ուսանողները՝ Ալէն Սարգսեան, Վահէ Յովսէփեան եւ Լեւոն Գրիգորեան, որոնք Երկուշաբթի, Օգոստոս 28-ին Արցախէն Հայաստան կ’ուղղուէին, համալսարանին մէջ իրենց վարդագոյն ապագան կերտելու ցանկութեամբ, սակայն ազերիները առեւանգեցին զանոնք եւ հիմա մութ ամպ մը իջած է այդ ապագային հորիզոնին վրայ: Առեւանգող ոճրագործ վարչակազմը կը խոստանայ զանոնք քանի մը օրէն ազատ արձակել…:

Առեւանգումի այս եւ նախընթաց «հերոսութիւնները» ո՛չ միայն ուղղակիօրէն կը խախտեն 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, այլ նաեւ Մ․Ա․Կ․-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներն ու, աւելին՝ բարզ ու մեկին կ՛արհամարհէ միջազգային հանրութիւնը։

․․․Հանրութիւն մը, որ կը մնայ լուռ եւ ձեռնածալ։ Հանրութիւն մը, որ կը կմկմայ եւ երբեք աշխատանք չի թափեր ի խնդիր կտրուկ որոշումներու որդեգրման։

Իսկ միջազգային հարթակէն ասդին, ազգային հարթակի վրայ «19 Բաղրամեան Պողոտայ»-ի վարձակալներուն մեծամասնութիւնը, ըստ սովորութեան՝ «Զաքարիայի պապանձում»-ը կ’օրինակեն եւ տարուած են… ընտրապայքարով եւ այլանդակ երգահանդէսներու կազմակերպումով: Անոնց համար, ո՛չ 120 000 արցախցիներու սովահարութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի երկրագործներուն եւ ընդհանրապէս աշխատող զանգուածներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նշանակութիւն ունին:

SOS ARTSAKH!…Ուաշինկթընի մէջ, այս տարի պիտի կատարուի արդարութեա՛ն Ողիմպիականը, Արցախի պահանջատիրութեա՛ն Ողիմիականը, «Մենք ենք Մեր սարերը»՝ Տատիկին ու Մամիկին կերտած ապագայ սերունդի՛ն Ողիմպիականը։