
ԱՄՆ-ը Խորապէս Մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդկայնական Իրավիճակի Վատթարացումով. Պետական Քարտուղարութիւն
ԱՄՆ-ը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկայնական իրավիճակի վատթարացումով՝ պարէնի, դեղորայքի եւ արժանապատիւ գոյութեան համար անհրաժեշտ այլ ապրանքներու մատակարարման շարունակական արգելափակման հետեւանքով: Այս մասին նշուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլերի յայտարարութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգները վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին շարունակաբար աշխատած է կողմերուն հետ՝ ապահովելու մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալ Բերձորի միջանցքը մարդկայնական, առեւտրային եւ ուղեւորափոխադրումներու համար։
Նաեւ՝ բաքուի պաշտօնատար անձինք եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները պէտք է անյապաղ հանդիպին, որպէսզի համաձայնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կենսական նշանակութեան սննդամթերք հասցնելու եղանակներուն մասին, ներառեալ՝ մատակարարման լրացուցիչ երթուղիներով, եւ վերսկսին քննարկումները բոլոր չլուծուած հարցերուն շուրջ: Մարդասիրական օգնութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ»,- նշած են ԱՄՆ պետական քարտուղարութենէն։