Ֆրանսան Պէտք է Հասնի ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի Մէջ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքները Յարգելու Բանաձեւի Ընդունման․ Փարիզի Քաղաքապետ

Աշխարհ, Հայաստան

Կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին՝ օգտագործելու Ֆրանսայի ազդեցութիւնը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգելու վերաբերեալ բանաձեւ ընդունելու համար։ Այս մասին, այսօր, Օգոստոս 30-ին, առցանց կարգով իրականացուած Արցախի նախագահի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն։

«Կոչ կ՝ընենք յարգելու միջազգային իրաւունքը, արցախահայութիւնը իր կամքին հակառակ կը գտնուի շրջափակման մէջ, շրջափակումը կ՝իրականացուի միջազգային իրաւունքի եւ 2020 թուականի հրադադարի մասին հռչակագիրին խախտումով։

Այն, ինչ այսօր կը կատարուի Արցախի մէջ, նման է ցեղասպանութեան. Արդարադատութեան միջազգային դատարանի նախկին դատախազը ասիկա կ՝որակէ որպէս ցեղասպանութիւն, չորս սկզբունքները, որոնք երեւոյթը կը բնորոշեն որպէս ցեղասպանութիւն, ճանչցուած են միջազգային հանրութեան եւ փորձագէտներու կողմէ։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի` ցեղասպանութեան կանխարգիլման համար պատասխանատու խորհրդականը կ՝օգտագործէ նոյն բառը` որակելով այն, ինչ այսօր տեղի կ՝ունենայ, որպէս ցեղասպանութիւն եւ ցեղական զտում մենատէր վարչաձեւի կողմէ ժողովուրդի մը հանդէպ, որ միայն կը պահանջէ յարգել այն իրաւունքները, որոնք պէտք է ունենայ ցանկացած մարդ, ցանկացած ժողովուրդ:

Մենք կը դատապարտենք այս իրավիճակը»,- ​​ըսած է Անն Իտալկոն: