Հայ Նկարիչ Միշա Բադասեանը Զիւրիխի Մէջ Բողոքի Ցոյց Ըրած է՝ Հանրութեան Տեղեկացնելու Արցախի Շրջափակման Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պեռլին բնակող նկարիչ, արուեստագէտ Միշա Բադասեանը Զիւրիխի մէջ ցոյցով մը ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:

Այս մասին Միշա Բադասեանը Instagram-ի իր էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարներուն կից գրած է.

«Ես 3 օր հաւաքած եմ խնայուած հացը՝ ստեղծելու համար այս քանդակը և մարդոց տեղեկացնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին մասին, ուր մարդիկ այս պահուն սովամահ կ՝ըլլան։

Ասիկա իմ առաջին հրապարակային ցոյցն է Զիւրիխ տեղափոխուելէս ի վեր: Ասիկա մեծ փորձ է, եւ նման նախագիծերու մեծ կարիք կայ, քանի որ զուիցերիացիները նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ուր կը գտնուի Հայաստանը։ Ես կը զրուցեմ մարդոց հետ եւ կրնամ պատմել իմ պատմութիւնը:

Ես շատ շնորհակալ եմ Կիրիլին, Սոֆիային եւ Սաշային օգնութեան եւ աջակցութեան համար։ Յատուկ շնորհակալութիւն Գեւ տը Սգանեանին»: