
ազրպէյճանը Բեռները Արցախ Մտցնելու Զարտուղի Ճանապարհ Մտածած է, Բայց Չէ Յաջողած Իրականացնել Զայն
Երէկուընէ ազրպէյճանական բեռնատարները Արցախ ուղարկուած «հումանիտար» օգնութեան անուան տակ կանգնած են Ակնա-Ասկերան ճանապարհին, ուր արցախցիները նստացոյց կ՝իրականացնեն՝ ամէն կերպով հրաժարելով այդ «հումանիտար» օգնութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ Hraparak.am-ը։
Արցախցիները կը վստահեցնեն, որ երբեք, ոչ մէկ գնով պիտի ընդունին թշնամիին օգնութիւնը:
Ռուս խաղաղապահները, փորձած են իրենց մեքենաներով բեռները անցնել Ստեփանակերտ, սակայն հանդիպած են արցախցիներու դիմադրութեան, որոնք ոչ մէկ կերպով արտօնած են, որ որեւէ բեռ մտնէ Արցախի տարածք:
Աղբիւրին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ազրպէյճանցիները, տեսնելով արցախցիներուն վճռականութիւնը, առաջարկած են ռուս խաղաղապահներուն` իրենց մեքենաներով անցնելու բեռները: Բայց երբ ռուս խաղաղապահները իրենց մեքենաներով ներկայացած են Ասկերանի անցակէտ, այդ ընթացքին բանակցած են Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ եւ համոզուելով, որ ցանկացած պարագայի արցախցիները այդ օգնութիւնը պիտի չընդունին՝ ձեռնունայն վերադարձած են: