
Ստեփանակերտ «Հումանիտար Բեռներ» Ուղարկելով` պաքուն Ընդունեց Արցախի Հանդէպ ազրպէյճանի Ստեղծած Ճգնաժամին Փաստը․ Քրիստինէ Վարդանեան
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան կը գրէ․
Ստեփանակերտ «հումանիտար բեռներ» ուղարկելով` պաշտօնական պաքուն ընդունեց Արցախի հանդէպ ազրպէյճանի պետութեան կողմէ իրականացուող շրջափակման եւ Արցախի մէջ բնակող 120,000 հայերուն համար ստեղծած ճգնաժամին փաստը: Յիշեցնեմ՝ 9 ամիս շարունակ պաշտօնական պաքուն կը պնդ էր, որ ճանապարհները բաց են եւ որեւէ ճգնաժամ չկայ։
Արցախի դիմադրութիւնը իրավիճակ կը փոխէ: Վստահ եմ, որ նաեւ Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ արժանապատիւ կեանքի համար պայքարող Արցախի արձագանգը համարժէք պիտի ըլլայ նաեւ այս պարագային:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանը 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Արցախ։