Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը Խստօրէն Դատապարտեց ազրպէյճանական Իշխանութիւններուն Կազմակերպած Հերթական Բռնութիւնն ու Սադրիչ Գործողութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Օգոստոս 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, սկսիզբ առաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները ողջունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բերելով ժողովականներուն:

Ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան, Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ Մայր Տաճարի վերանորոգման ընթացքին առնչուող հարցեր։

Քննարկման առարկայ պիտի դառնան նաեւ եկեղեցա-վարչական եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ հարցեր:

Յընթացս ժողովի՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, տեղեկանալով Բերձորի միջանցքին վրայ հայ երիտասարդներու առեւանգման մասին, խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կազմակերպած հերթական բռնութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնը, որ շարունակուող թշնամական դրսեւորումն է ազրպէյճանի հակահայկական քաղաքականութեան։