
Բերձորի Միջանցքին Վրայ ազերիները Առեւանգած են Հայ Երիտասարդներ
Այսօր Բերձորի միջանցքին վրայ՝ Հակարի կամուրջի անօրինական անցակէտին վրայ, ազրպէյճանցիներուն կողմէ առեւանգուած են երիտասարդներն Ալէն Սարգսեանը, Լեւոն Գրիգորեանը եւ Վահէ Յովսէփեանը:
«Այսօր»-ի տեղեկութիւններով՝ ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է Լեռնային Ղարաբաղի առեւանգուած քաղաքացիներուն դէմ։ Կը նշուի, որ հարցաքննութեան ժամանակ անոնք խոստովանած են, որ պղծած են ազրպէյճանի դրօշը եւ յայտարարած, որ անկեղծօրէն կը զղջան եւ ապագային նման գործողութիւններ չեն ըներ։
Հաշուի առնելով մեղադրեալներուն տարիքը եւ անկեղծ զղջումը, քրէադատավարական օրէնսդրութեան պահանջներուն պահպանմամբ, հումանիզմի սկզբունքի կիրառմամբ՝ անոնց հանդէպ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է։ Միաժամանակ կը հաղորդուի, որ քանի որ անոնք տեսանկարահանած են իրենց գործողութիւնները, տեղադրած YouTube-ի վրայ արգիլուած տեսանիւթ, յարուցուած է վարչական վարոյթ։
Դատարանի որոշմամբ անոնց հանդէպ կիրառուած է վարչական կալանք՝ 10 օր ժամկէտով։ Դատարանի վճիռին կատարումէն յետոյ պիտի ապահովուի այդ անձերուն արտաքսումը ազրպէյճանէն։