Վասն Արցախի… Դուրս Գալու Համար Պարտադրուած Թմբիրէն․ Կարօ Վ․ Մանճիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամիսներէ ի վեր ընկերային ցանցերու թէ լրատուական զանազան միջոցներու կողմէ սփռուած լուրերով ականատես թէ ականջալուր կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ Արցախին պարտադրուած արգելափակումի ու շրջապատումի լուրերուն առնչուած վերիվայրումներուն: Ասոր զուգահեռ, կ՛իմանանք, որ ազերիները հերթականօրէն կը բռնաբարեն Հայաստանի թէ Արցախի հանրապետութեանց սահմանները, կը պղծեն հայկական հողերը ու զանազան ռազմական միջոցներով կը հրակոծեն սահմանամերձ գիւղերն ու անոնց բնակիչները:

Կարծես անոնց բաւարար չէր Արցախի տարածքին երեք քառորդի բռնագրաւումը:

Մեր ականջներու խլացման գնով լսեցինք կոչեր, յայտարարութիւններ, պահանջներ, ահազանգեր` շրջափակումը քակելու կամ քանդելու:

Լսեցինք սփիւռքի ակումբներէն, եկեղեցիներէն, միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն թէ կուսակցութիւններէն, անհատ մտաւորականներէն կամ հասարակական գործիչներէն:

Ականջալուր եղանք Հայաստանէն հնչող ձայներուն: Նոյնպէս` կազմակերպութիւններէն, ղեկավար անձնաւորութիւններէն, հատուկենտ մտաւորականներէն, հասարակական գործիչներէն. սակայն անոնց կոչերուն համեմատած` հայրենի իշխանութիւններուն ձայները կը նմանէին արագիլներու երամէն անջատուած, առանձին թռչող, կողմնացոյցը կորսնցուցած կամ ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ թռչող թռչուններուն. խեղճ ու խեղճուկ ճռուողող ձայներ արձակելով (օրինակ` ՄԱԿ-ի բեմէն. ականջդ խօսի ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ ներկայացուցիչ, այժմ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան տոքթ. Պաշշար Ճաաֆարի, սուրիական քաղաքական բեմի առիւծը). այդ ձայները աւելի շատ նման էին ձմեռնային ագռաւներու աղմկալի կռկռոցին:

Աւելի ահաւորը` լսեցինք միջազգային ատեաններուն բարձրաձայնած որոշումները. շատ հնչեղ ձայներ, որոնք ակամայ կը նմանցնեմ շատ հնչեղ ձայներ արձակելով բանող ջաղացքի մը քարասալերուն, ուր անկարելի է ալիւր գտնել, իրար քսուող քարերու աղմուկ միայն:

Եւրոպայի Մարդու իրաւունքներու դատարանի թէ Միջազգային արդարադատութեան դատարանի որոշումներն ու կոչերը մնացած են թուղթի վրայ, ապարդիւն. «Ձայն բարբառոյ յանապատի»:

Պաքուն ցայսօր, գիտակցաբար ու լկտիօրէն չի յարգեր 2020-ի նոյեմբեր 9-ի (մեզի համար պարտուողական) եռակողմ համաձայնութեան կէտերը: Չ՛ենթարկուիր վերոյիշեալ ատեաններու որոշումներուն, որովհետեւ գիտէ, որ այսօր, քաղաքական այս պահուս կը մնայ անպատժելի, որովհետեւ կը շարունակուի ռուս-ամերիկեան, չին-ամերիկեան ու շրջանային երկիրներուն` Թուրքիոյ, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ միջեւ մրցակցութիւնը, ռուս-ուքրանական պատերազմը… եւ այլն. եւ այդ եռակողմ համաձայնութեան երաշխաւոր Ռուսիան պատերազմի տիղմին մէջ մխրճուած է ու խիստ կարիքը ունի այլ թշնամութիւններ չստեղծելու. կարիքը ունի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանին եւ շատերու, ու անոնց չէզոքութիւնը կ՛ուզէ պահպանել (գէթ), որպէսզի անոնք իր կողմ թեքած մնան:

Ազրպէյճան առաւելագոյն չափով կ՛օգտագործէ այս իրավիճակը, մանաւանդ Ռուսիոյ ետ-առաջ ընթացքը` տկարացնելով անոր երաշխաւորի թէ միջնորդի իրաւասութիւնները, սպասելով հինգ տարուան աւարտին (2,5 տարի ետք), ռուսական խաղաղապահ ուժերը դուրս բերել պարտադրելով, ռազմականօրէն տիրելու Արցախի մնացեալ տարածքին:

Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի պաշտօնական շրջանակներէն թէ անձնաւորութիւններու շրթներէն կը հնչեն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յայտարարութիւններ (արդեօք հարկը կա՞յ զարմանալու), որոնց մէջ անոնք նկատի ունին (ու կը յայտարարեն) Արցախը այդ ամբողջականութեան մէջ` ի հեճուկս այդ հողերու ազատագրութեան թէ պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներուն:

Ժողովրդական մակարդակով, հայութիւնը կարծէք թմբիրի կամ մահաքունի մէջ մտած է:

Փոխանակ անսալու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոչին` «Փողոց իջէ՛ք…», մեր զանգուածները կը բարձրաձայնեն` «Քէֆ ենք անում, քէֆ ենք անում, սիրելիս…», կամ` «Կեր, արբ եւ ուրախ լեր»: Որպէս թէ ստեղծուած իրավիճակը (շրջապատը, սպառնալիքները… եւ այլն) կը վերաբերին սահմանամերձ փոքրիկ գիւղի մը, նեղլիկ թաղի մը, ուր կը բնակին հազիւ տասնեակ մը հայորդիներ, կամ ալ` ափրիկեան երկրի մը, անտառաւատ ու անբնակելի մէկ գաւառակին, որ ոչինչով առնչուած է մեր հայրենիքներուն ու ազգին:

Արցախցին շրջապատուած ու պաշարուած է. կ՛ապրի խաւարի մէջ, 250 եւ աւելի օրերէ ի վեր` առանց ելեկտրական հոսանքի (մեզի` սուրիացիներուս նման գրեթէ), առանց վառելանիւթի, առանց հաղորդակցութեան տարրական կապի. ա՛լ ինչ խօսք կենցաղային կարիքներուն, ալիւրին, մթերքին, դեղորայքին մասին` 7-8 եւ աւելի ամիսներէ ի վեր:

(Մենք Սուրիոյ մէջ համեմատաբար նուազ պաշարումի ենթակայ ենք, մասնակի շրջապատում, սակայն` պաշարում, ուստի լաւապէս կը զգանք Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն իրավիճակը):

Արցախի ժողովրդեան կիրթ հաւաքներն ու ցոյցերը` իբրեւ ցասումի ու բողոքի ելոյթներ, միջազգային հանրութեան թէ քաղաքական բեմին նոյնիսկ ուշադրութեան չարժանացան` դիտաւորեալ ու կանխամտածուած կարգով:

Քաջ, չարքաշ ու տոկուն արցախցին իր Ազգային ժողովի բերանով հնչեցուց իր կոչը` ուղղուած հայութեան թէ մարդկութեան:

Անպայման կարդացէք այդ կոչը: Հոն ամէն ինչ ըսուած է: Կարդացէք դաշնակցական մամուլը. հոն կը գտնէք այդ կոչին արձագանգը թէ բացատրութիւնը` մանրամասնօրէն:

Տակաւին ցայսօր, ոչ միայն տարօրինակ այլ նաեւ խորթ կը թուի ինծի` քեսապցի գիւղականիս, թէ ինչպէ՞ս խնճոյքներ թէ քէֆի միջոցառումներ կը կազմակերպուին, մանաւանդ հայրենիքին մէջ, փոխանակ ուժերու գերլարումով զօրացնելու մեր պաշտպանողական համակարգը, գէթ անոր բնազդը…

Պիտի յաջողի՞նք բռնցքուիլ Ազրպէյճանին պարտադրելու համար.

– Քակել Արցախի շրջափակումը,

– Գործադրութեան դնել նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութեան անոնց` թշնամիին կողմէ չիրագործուած կէտերը,

– Ստիպել թշնամին (ոչ թէ հակառակորդը), որ չհամարձակի ոտնձգութիւններ կատարել հայկական որեւէ տարածքի վրայ,

– Կանխել Ազրպէյճանի հորիզոնին վրայ ուրուագծուած ու ծրագրուած ցեղասպանութիւն մը:

Ազրպէյճանի կատարած շրջապատումը ոչինչ է, այլ պաղ, հանդարտ ու երկարատեւ ցեղասպանութիւն մը. ստիպել, որ արցախցին սովամահ ըլլայ, կամ լքէ Արցախը եւ կամ ընդունի ազերի լուծը մինչեւ որ ան կարենայ նոր Սումկայիթ մը իրագործել:

Որպէսզի ոսոխը սանձուի, հարկ է որ միջազգային ընտանիքը շարժի. իսկ այսօր անոր քարացած, կամ շահերու տակ թաղուած անոր խիղճը շարժելու հնարքն ու կարողութիւնը ունի՞ հայութիւնը, թէ՞ Նոր Լիզպոն մը կերտելու հրամայականին դիմաց կանգնած է…

Ինչպէ՞ս պարտադրել աշխարհին, որ կանգ առնեն ոսոխը դարպասելու ու զինելու մրցավազքէն:

Ինչպէ՞ս պարտադրել Ազրպէյճանին, որ ենթարկուի միջազգային ատեաններու որոշումներուն:

Ինչպէ՞ս ընել, որ ճանչցուի Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ լիիրաւ ու անկախ հանրապետութիւն` հիմնուած ու մեկնած Արցախի Ազգային ժողովի կոչին մէջ նշուած կէտերուն վրայ:

Ինչպէ՞ս ընել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորը դառնայ (դադրած է այդպէս ըլլալէ) Արցախի անձեռնմխելիութեան:

Ու տակաւին, տակաւին բազում «ինչպէ՞ս»-ներ:

Վերոյիշեալները իրագործելու համար նախ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարին իրենց վարքագիծէն` ներքին թէ արտաքին, կամ պարզապէս հրաժարին իշխանութենէն:

Անհրաժեշտ է վերակառուցել ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը, դուրս բերել հայութիւնը իր թմբիրէն:

Օրեր առաջ գումարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը` յատկացուած Արցախին:

Անկէ բխածը (կամ չբխածը), կարծես չէր վերաբերեր Արցախին, գուցէ Հրատ մոլորակին վրայ գտնուող անմարդաբնակ շրջանի մը կը վերաբերէր:

Արցախի ազատագրութեան` գոյապայքարի ժամանակահատուածին, Սուրիա, Հալէպ ժամանեց հանգուցեալ ընկեր Հրայր Մարուխեանը: Մեր տագնապը տեղայնական բնոյթ չունէր, այլ` համահայկական: Արցախի մէջ ազրպէյճանական «ՕՄՈՆ»-ի օրերն էին: Մենք անոր շուրջը հաւաքուած` կը զրուցէինք իրեն հետ, աւելի շուտ` հարցումներու տարափ մը կը թափէինք գլխուն:

Մեր մէկ հարցումին, թէ` ՄԱԿ-ը բան մը չ՛ըներ Արցախին ու արցախցիին համար, անոր պատասխանը շատ լակոնական էր, սակայն խորապէս հասկնալի.

– ՄԱ՞Կ-ը… ըըը՜… հը՜հհ…

Մեր միամիտ հարցը բաւարարուած էր:

Անցնող երկտասնամեակին ականատես եղանք մօտ 200 երկիրներէ կազմուած ՄԱԿ-ի «սխրանքներուն» ու անոր Ապահովութեան խորհուրդին տարածած անապահովութեան բեմադրութեան:

Մեր տարածաշրջանին մէջ գէթ` Իրաք, Թունուզ, Եգիպտոս, Եմէն, Սուրիա, մանաւանդ Սուրիա, իմա նաեւ` Լիբանան:

ՄԱԿ-ը ոչ միայն անզօր էր, այլ նաեւ` դատապարտելիօրէն կողմնակալ:

Այդ Ապահովական խորհուրդի երկիրները ինչե՜ր չըսես` չբերին մեր գլխուն, սակայն` միշտ վեհ գաղափարներու ետին թաքնուած, ինչպէս` մարդկային իրաւունքներ, արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն. այս վերջինը` ընդգծուած ու շեշտադրուած, վեհ, սակայն լիցքաթափուած կամ խեղաթիւրուած:

ՄԱԿ-ի մասին երբ կը մտածեմ, միտքս կու գայ սուրիական տագնապի առաջին տասնամեակին ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ, տոքթ. Պաշշար Ճաաֆարին (որ այժմ Սուրիոյ դեսպանն է Մոսկուայի մէջ): Ան Սուրիոյ քաղաքական շրջանակին առիւծն էր, ու իր ճառերը` բովանդակալից, սկզբունքային, ակադեմական… Ան իր գրիչով անվհատ ու անդուլ պայքարեցաւ իր հայրենիքին համար` մերկացնելով արեւմտեան աշխարհին խաղերը` բեմական ու վեհ կեցուածքներով:

ՄԱԿ-ի այս զաւեշտի թէ ողբերգութեան մեր` հայոց մասնակցութիւնը աւելի քան ողբերգական է, իսկ արդիւնքը` ոչինչ:

Մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ մեր քաղաքական պայքարը: Ո՞վ կրնայ գուշակել: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր ելքը…

Յիշենք սակայն, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, թմբիրէն արթնցած հայութիւնը, հազիւ երեք տարիներ ետք, Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան կերտեց. կերտեց «Վեց դարերու խաւարի վրայ դրօշ եռագոյն»` վասն Արամ Մանուկեանին, Ազգային Բիւրոյին, հայոց նորակազմ բանակին ու անոր հրամանատարութեան, վասն Արամ Մանուկեանի գաղափարական ընկերներուն ու հայդուկներուն… Ու անոնք երգեցին. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»:

Քեսապի անկիւնին մէջ սեղմուած` հեռու քաղաքականութենէ, բնազդով կը զգամ, որ անոր կապարճէն սպառած են թուղթէ նետերու խուրձը: Արդեօք աւարտա՞ծ է թուղթէ շերեփի հանգրուանը, եւ եկած երկաթէ շերեփի օրը: Վերջապէս հայութիւնը ունի՞ երկաթէ շերեփ, թէ՞ տակաւին տիրական է «մեր պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է» (ինչպէս ըսաւ Փանջունին օր մը):

2014-ին, երբ Հայաստան էի` մասնակցելու Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին, պատահմամբ հանդիպեցայ վաղեմի բարեկամի մը: Մենք տարբեր հայեացքներու տէրեր ենք, սակայն` անկեղծ բարեկամներ: Անոր ընկերակիցը, կիսահարբած, ակնարկեց. «Տակաւին կ՛երգէ՞ք` միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» ու ստացաւ ընկերոջ կշտամբանքը: Իսկ ես ժպտադէմ պատասխանեցի. «Բա՛ւ է զէնք փնտռել բազուկին մէջ, ան գլխուն մէջ կը գտնուի»:

Մէջբերեմ Նիկոլ Դուման հայդուկապետին խօսքը` ուղղուած սկսնակ հայդուկ Ռուբէն Տէր Մինասեանին:

– «Եթէ դուշմանը քեզմէ աւելի հզօր է, պէտք է ստեղծես այնպիսի զէնք մը, որ կարենաս զայն պարտութեան մատնել»: Եւ այդ օրերուն` Խանասորի օրերուն, դումանները ունեցան այդ զէնքը` մոսին «մարդասիրական» հրացանները: Իսկ բաբգէնսիւնիները, արմէնգարոները օգտագործեցին ձեռնառումբը` Պանք Օթոմանի գրաւման ժամանակ:

Պէտք է ստեղծել այդ զէնքը. քաղաքական ըլլայ թէ մարտական, անյաղթելի ու հզօր զէնքը:

Եւ արդեօք ազգի միասնականութիւնը այդ զէնքերուն ամենահիմնականն ու ամենակարեւորը չէ՞: Այդ զէնքը չէ՞ր, որ Արցախի գոյապայքարը վերածեց ազատագրական ու յաղթական պայքարի:

Մերօրեայ իրավիճակին ի տես, սկսելով զերօ կէտէն, հաւանաբար պէտք է սկսիլ ազգային միասնականութեան հանգրուանէն:

Սկսելու կամքն է հարկաւոր, որուն արդիւնքը կրնայ միայն յաղթական դառնալ:

Քեսապ