Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը Կ՝աւելցնէ Ճնշումը Սպիտակ Տան եւ Քոնկրեսի Վրայ
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը շարունակաբար կ՝աւելցնէ ճնշումը նախագահ Պայտընի վարչակազմին եւ Քոնկրեսի վրայ՝ կոչ ընելով վերջիններուս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս ներկայացնելու Արցախի քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղասպանական շրջափակումը քննադատող բանաձեւ։ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի ելեկտրոնային յատուկ հարթակներուն միջոցով աւելի քան 200,000 գրութիւն ուղարկուած է նախագահ Պայտընին, փոխնախագահ Հարիսին եւ ԱՄՆ Քոնկրեսի զոյգ պալատներու անդամներուն՝ կոչ ընելով «կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ (Արցախ) վերահաս ցեղասպանութիւնը՝ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի աւելի քան 250 օր շրջափակման հետեւանքով։ Անիկա Արցախը Հայաստանին կապող միակ մարդասիրական փրկօղակն է։
Հասցէատէրերէն մասնաւորապէս պահանջուած է․
ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս առաջնորդել համապատասխան բանաձեւ՝ դատապարտելու Արցախի ազրպէյճանական շրջափակումը եւ Բերձորի միջանցքին անյապաղ բացման կոչ ընել՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր իրաւակիրառութիւն ենթադրող ժամանակաւոր միջոցի կիրառման վերաբերեալ որոշման համաձայն։
Դադրեցնել ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական եւ անվտանգային օժանդակութիւնը եւ ամբողջապէս կիրառութեան մէջ դնել Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ յօդուածին պահանջները (907-րդ բանաձեւ)։
Արցախի մէջ ազրպէյճանական յարձակման զոհ դարձած հայ բնակչութեան համար ապահովել ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութիւն։
Արցախի ցեղասպանական շրջափակման համար պատասխանատու ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ կիրառել ամերիկեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատժամիջոցներ։
Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ պետական իշխանութեան գործադիր թեւին վրայ քոնկրեսական ճնշումներուն, նկատենք, որ ՄԱԿ ԱԽ-ի մէջ Հայաստանի դիմումով գումարուած քննարկման նախօրէին՝ Օգոստոս 15-ին, ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը եւ ծերակուտական Ալեքս Բատիլան նամակով դիմած են ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ եւ ԱԽ ներկայ նախագահ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտին՝ յորդորելով վերջինիս բանաձեւ ներկայացնելու՝ ազրպէյճանէն պահանջելով անմիջապէս դադրեցնել Արցախի ութամսեայ շրջափակումը։
Օգոստոս 14-ին նախագահ Պայտընին նամակ յղած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ադամ Շիֆը, որ նոյնպէս կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին առաջնորդելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին բանաձեւ, որ ազրպէյճանէն անյապաղ կը պահանջէ կատարել Արդարադատութեան միջազգային դատարանին հրամանները։ Շիֆը մասնաւորապէս նշած է․ «Թէեւ ԱՄՆ կառավարութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿ-ի փորձագէտները եւ Ռուսիան դատապարտած են շրջափակումը եւ կոչ ըրած կանոնաւոր երթեւեկութեան համար բանալ միջանցքը, ազրպէյճանը ամիսներ շարունակ կ՝անտեսէ նման յայտարարութիւնները։ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը եւ USAID-ը փորձած են դիւանագիտական ճանապարհով վերջ դնել ալիեւի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման, սակայն յայտարարութիւններուն եւ նման կոչերուն ժամանակը ակնյայտօրէն շատոնց անցած է։ Միացեալ Նահանգները պէտք է յստակ գործողութիւններ ձեռնարկէ եւ անյապաղ օգտագործէ այլ գործիքներ՝ ճնշում գործադրելու ազրպէյճանի վրայ՝ վերադառնալու միջազգային իրաւունքի եւ կարգի պահանջներուն։
Ադամ Շիֆը Օգոստոս 22-ին հրապարակած է տեսաուղերձ՝ ԱՄՆ կառավարութեան կրկին կոչ ընելով առաջնորդելու ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւ եւ կիրառելու «907-րդ յօդուածին պահանջները՝ դադրեցնելով ԱՄՆ ռազմական օժանդակութիւնը ազրպէյճանին։
Արցախի ազրպէյճանական շրջափակման դադրեցման ուղղութեամբ ԱՄՆ կառավարութեան յստակ ընելիքներուն հրատապ անհրաժեշտութեան մասին հանդէս եկած են նաեւ Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը, Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Թոնի Քանտերասը, Ճուտի Չուն, Ռաճա Գրիշնամըրֆին, Սեթ Մակազիները, Ճիմ Մըք Կովերնը, Քաթի Բորդըրը, Տինա Դիդուսը եւ Պիլ Քասիտին։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կը շարունակէ բազմաբնոյթ աշխատանքներն ու համայնքային ճնշման ուժգնացումը՝ նպաստելու ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան կողմէ Արցախի ապաշրջափակման միտուած յստակ գործողութիւններու ձեռնարկման։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
24. 08․ 2023 թ․
