Պառակտումը Ինքնաոչնչացման Կը Տանի. ««Արցախ» Հայրենասիրական Կանչ» ՀԿ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախը ինքնորոշուած է՝ հենուելով ինչպէս խորհրդային, այնպէս ալ միջազգային իրաւունքով սահմանուած ինքնորոշման սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն վրայ: Պետականութեան ներկայացուող բոլոր չափանիշներուն համապատասխան՝ Արցախի Հանրապետութիւնը տեֆաքթօ չճանչցուած անկախ պետութիւն է։ Արցախի պետականութիւնը եւ պատմական հայրենիքի մէջ ազատ ու անկախ ապրելու հայու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են:
Հայրենակիցնե՛ր, սկսեալ 1988 թ. աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը ըրած է հնարաւորինս Արցախի պաշտպանութեան, ինքնորոշման իրաւունքի իրացման եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման սուրբ գործին համար: Իբրեւ արդիւնք՝ կայացած Արցախի Հանրապետութիւնը հայութեան հպարտութիւնն է:
2020թ. Նոյեմբեր 9-էն ետք եւ յատկապէս շրջափակման պայմաններուն մէջ արցախցիները դրսեւորած են պետականութեան պահպանման բացառիկ միասնականութիւն՝ զերծ պահելով պետութիւնը ցնցումներէ, ցուցաբերելով դժուարութիւնները յաղթահարելու կամք եւ տոկունութիւն։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ թշնամին նպատակադրուած է լուծարել Արցախի պետական հիմնարկները, կլանել Արցախը, բռնի կերպով հպատակեցնել արցախցիները, իրականացնել ցեղական զտումներ:
Այն, որ Արցախի մէջ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ պետականութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքը կրնայ կապուած ըլլալ նաեւ ներքին հակասութիւններով, թշնամանքով եւ պառակտումով, անթոյլատրելի են եւ անոնք շատ արագ կը տանին պետութեան հիմքերու քայքայման ու ինքնաոչնչացման: Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ ոչ թէ ներքին հակասութիւններու, անգամ արդարացի պահանջներու լուծմամբ պէտք է զբաղիլ, այլ պէտք է ըլլան նպատակաուղղուած գործողութիւններ հայ ժողովուրդի միասնականութեամբ, միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար:
Կը յորդորենք բոլորը՝ պետական այրերը, քաղաքական, հասարակական ու ռազմական գործիչները, ըլլալ զգօն, հանդուրժող եւ ունեցած գիտելիքները, փորձը, ամբողջ ներուժը ծառայեցնել միայն ու միայն ինքնորոշման իրաւունքի իրացման:
««Արցախ» հայրենասիրական կանչ» հասարակական կազմակերպութիւն
