Մեր Հայրենակիցները Պէտք է Լաւ Հասկնան, Թէ Իրականութեան Մէջ Ինչ Տեղի Կ՝ունենայ Արցախի Մէջ․ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան կը գրէ․
Արցախը կը մտնէ դիմադրութեան վերջին փուլ։ Տեսնելով, որ Արցախի մեր հայրենակիցները կը յաղթահարեն շրջափակման փորձութիւնը, աւելին՝ որ այդ շրջափակումը հիմա նոյնինքն իրեն կը վնասէ շատ աւելի՝ ալիեւն ու իր «յան» ազգանունով գործակալները հերթական կեղտոտ խաղը սկսած են Արցախի դէմ։ Հաւաքած են խումբ մը թափթփուկների, անոնց վրայ չինական որակի «Պրիգոժին» կարգած, անունը աշխարհազօր դրած ու կը փորձեն անոնցմով ահաբեկել Արցախի ժողովուրդը։ Ձեռքի հետ ալ յարձակումներ պետական կառոյցներու վրայ, որ վերականգնման յոյսի վերջին նշոյլներն ալ մարեն մարդոց մէջ։
Ի՞նչ կը ստանայ ալիեւը այսպէս կոչուած «աշխարհազօր» գործողութեամբ՝
ա) Արցախի մեր հայրենակիցները պառակտելու, այդկերպ անոնց աւելի տկարացնելու հնարաւորութիւն,
բ) Արցախահայութեան մէջ ոճրագործութեան հատիկներ սերմանելու միջոցով աշխարհին որոշ բաներ «ապացուցելու» հնարաւորութիւն,
գ) Արցախի Պաշտպանութեան բանակի վարկաբեկում, կանոնաւոր (նաեւ միջազգային ճանաչում ունեցող) զօրքը ապօրինի զինուած խմբաւորումներուն հաւասարեցնելու հնարաւորութիւն,
դ) ահաբեկչութեան միջոցով Արցախի մէջ սեփական գործակալներու դիրքի ուժեղացում՝ յետագային անոնց իշխանութեան բերելու հնարաւորութիւն,
ե) Արցախի պետական հիմնարկներու կազմաքանդման հնարաւորութիւն,
զ) Արցախահայութեան մէջ հիասթափութեան, վախի ու պարտուողական տրամադրութիւններ սերմանելու հնարաւորութիւն,
Եւ այլն, եւ այլն…
Ի՞նչ կը ստանայ Արցախի նախագահը սեփական երկրի ու ժողովուրդի դէմ իրականացուող այս աժան սադրանքէն։ Պատասխանը կարճ է՝ իշխանութեան պատրանք եւ սին յոյսեր, որ ալիեւը ապագայի ներում պիտի շնորհէ իրեն։
Հակառակորդին շահերն ու սպասելիքները այսքանով պարզ են։ Կը կարծեմ՝ ով կը հասկնայ՝ ինչ կը կատարուի, ան նաեւ գիտէ, թէ ինչ պէտք է ընել։ Սադրիչները շատ յստակ նշած են իրենց հիմնական թիրախները։ Ընդ որուն, անոնց ընտրութիւնը ճիշդ է։ Ու եթէ այդ «թիրախները» համապատասխան հետեւութիւններ չընեն (ի դէպ, ոչ միայն այս զարգացումներէն), ուստի հեռու չէ այն օրը, երբ «պրիգոժիններն» ու գոլապորացիոնիստները անոնց՝ «որպէս ռազմական յանցագործ» պիտի յանձնեն ալիեւին։ Ժողովուրդին ալ պիտի ըսեն՝ թալանչիներ էին, նախկիններ եւ այլն… Այդ օրը պիտի ըլլայ Արցախի վերջը։
Արցախի մեր հայրենակիցները պէտք է լաւ հասկնան, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի կ՝ունենայ այս օրերուն Արցախի մէջ։ Ձեզմէ, սիրելի արցախցիներ, կը փորձեն գողնալ ձեր՝ թէկուզ եւ փոքր, բայց շատ կարեւոր յաղթանակը։ Դուք արդէն յաղթահարած էք շրջափակումը։ Պարզապէս պէտք է այդ իրողութիւնը ամրագրելու որոշ ժամանակ։ Դարձեալ կը կրկնեմ՝ ալիեւի վնասները այս շրջափակման այսօր շատ աւելի մեծ են, քան այն ահաւոր դժուարութիւնները, որ դուք կը կրէք ամէն օր։ Թոյլ չտաք, որ գոլապորացիոնիստներն ու «պրիգոժինները» ջուրը նետեն ձեր զրկանքներն ու կորուստները։
Դիմադրութիւնը պէտք է շարունակել։ Տէր կանգնինք երկրին ու պետական հիմնարկներուն։ Թոյլ չտաք, որպէսզի Արցախի մէջ ապօրինի ու յանցաւոր տարրեր ձեւաւորուին։ Անոնք դէպի կործանում տանող չարորակ ուռուցքներ են։ Հաւատացէք միայն այն գաղափարին, որ առաջնորդած է ձեզի վերջին տասնամեակներուն ընթացքին։ Հաւատացէք Արցախի բարեկեցիկ ապագային ու պայքարեցէք միայն այդ ապագային համար։ Աստուծով։
