Կոչ Յանուն Արցախի Պետականութեան Պահպանման
Կոչ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Մեր անկախութեան հերթական տարեդարձին ընդառաջ մեր պետութիւնը յայտնուած է լրջագոյն փորձութիւններու առջեւ։
Թշնամին կը տենչայ վերացնել մեր պետականութիւնը, լուծարել մեր պետական հիմնարկները եւ կլանել Արցախը։ Պատերազմէն ետք անցնող երեք տարիներուն ընթացքին, եւ յատկապէս, վերջին ամիսներուն՝ շրջափակման պայմաններուն, մենք ամբողջ ազգով դրսեւորած ենք մեր պետականութեան շուրջ բացառիկ միասնականութիւն՝ զերծ պահելով պետութիւնը ցնցումներէ, եւ ցուցաբերած ենք դժուարութիւններու հանդէպ աննախադէպ տոկունութիւն։ Այս ամէնը մենք ըրած ենք յանուն մեր պետականութեան, յանուն մեր հողի վրայ ազատ ապրելու եւ արարելու մեր բնատուր իրաւունքի։
Որքան ալ զարմանալի կրնայ թուիլ, բայց պետականութեան դէմ ուղղուած հերթական սպառնալիքը մենք կը ստանանք ոչ թէ թշնամիէն, այլ՝ իւրայիններէն, մարդոցմէ, որոնց մղումները հնարաւոր է, որ ազնիւ են ու միամիտ, բայց ատկէ սպառնալիքի բնոյթը չի փոխուիր։
Հայրենակիցնե՛ր,
Այսօր, թերեւս, մենք կը յանձնենք պետականութեան հասունութեան մեր ամենակարեւոր քննութիւնը։ Այս իրավիճակի անարիւն, իմաստուն, եւ ամենակարեւորը, ՕՐԻՆԱԿԱՆ հանգուցալուծումէն կախուած է մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ յետագայ ճակատագիրը։ Եւ անիկա կախուած է ոչ միայն որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւն ունեցող անձերու դիրքորոշումէն, այլ նաեւ իւրաքանչիւրիս սրտացաւ ներգրաւուածութենէն։
Հիմք ընդունելով վերոգրեալը՝ կը դիմենք.
ՈՒԺԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ.
Յարգելի՛ պարոնայք, բարձրաստիճա՛ն սպաներ։ Մենք կ՝ըմբռնենք եւ կ՝ողջունենք խնդիրը փափուկ ուժով եւ խաղաղ հանգուցալուծելու ձեր մօտեցումը։ Միաժամանակ, կը յիշեցնենք եւ կը պահանջենք՝ հաւատարիմ մնալ պետականութեան եւ անոր հիմնարկներու պաշտպանութեան գործին տուած ձեր երդման, գործել բացառապէս Օրէնքի ոգիին եւ տառին համապատասխան։
ԱԺ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՅԼ ՈՒԺԵՐՈՒՆ.
Յարգելի՛ գործընկերներ։
Ազգային ժողովը, ինչպէս եւ Նախագահի հաստատութիւնը, ժողովուրդի հաւաքական կամքը արտայայտող պետական երկու հիմնասիւներն են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին խարխլումը յղի է պետականութեան փլուզմամբ։ Դուք՝ որպէս ժողովուրդի ձայն, չէք կրնար լուռ մնալ՝ սպասելով իրավիճակի կամայական հանգուցալուծման։ Սահմանադրական կարգի պահպանումը եւ ձեր ստացած ձայներուն տէր կանգնիլը առաջնային խնդիրն է։ Դուք պարտաւոր էք հրապարակային դիրքորոշում յայտնելու եւ ըլլալու պետականութեան պահպանման առաջին դիրքերուն վրայ։
ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ, ՊԵՏՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ, ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.
Մեծարգո՛յ պարոնայք եւ զօրավարներ,
Արցախի պետականութիւնը իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ նաեւ ձեր ջանքերուն, նուիրումին եւ վաստակին արդիւնքն է։ Դուք պարտաւոր էք գործադրելու ձեր ողջ ազդեցութիւնը՝ իմաստութեամբ եւ խաղաղ հանգուցալուծելու ստեղծուած կացութիւնը։ Դուք բարոյական պարտք եւ վաստակած իրաւունք ունիք ըլլալու պետականութեան պահպանման առաջին գիծին վրայ։
Ձեր լռութիւնը պիտի չի հասկցուի։
ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՂՋ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ.
Սիրելի՛ գործընկերներ, քոյրեր ու եղբայրներ,
Պետականութիւնը մեր ծնողներու, հարազատներու, զաւակներու, ընկերներու արիւնով վաստակած գերագոյն արժէք է։ Մենք միշտ պատրաստ եղած ենք զայն պաշտպանելու ցանկացած թշնամիէ մեր կեանքին գնով։ Պետականութեան պաշտպանութիւնը ներքին հակառակութիւններէ, անտեղի յաւակնութիւններէ ու անիմաստ ցնցումներէ պակաս կարեւոր չէ։ Անտարբերութիւնը որեւէ արդարացում չի կրնար ունենալ: Օրհասի պահուն լռութիւնը յանցակցութիւն է։
ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ք. Ստեփանակերտ
22 Օգոստոսի, 2023թ.
