Արցախցի Ուսանողներուն Աննշմար Ապագան․ Ջեմմա Բաղդադեան
Արցախահայոց գոյաբանական պայքարը ընկալելի չէ «քաղաքակիրթ» աշխարհին, աւելի ճիշտ՝ հաճոյ չէ, քանզի անիկա չի բխիր իրենց շահերէն: Եւ ժամ առ ժամ խորացող ընկերային-տնտեսական, բարոյահոգեբանական եւ մարդկայնական ճգնաժամը Արցախի մէջ տեղի կու տայ. անտանելի է: Դիմակայելով ահագնացող ծանր վիճակը՝ մեր հայրենակիցները կը փորձեն յաղթահարել զայն, բայց… ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ այս իրավիճակի հանգուցալուծումը ե՞րբ եւ ո՞րը պիտի ըլլայ:
Քանի մը օրէն եռուզեռի մէջ պիտի մտնէ ուսանողական կեանքը, սակայն հայաստանեան բուհերուն մէջ ուսանող արցախցի ուսանողներուն եւ անոնց ծնողներուն համար մօտեցող այդ օրերը անոնց կեանքի ներկայ մղձավանջը ալ աւելի կը ծանրացնեն:
Շրջափակման, մարդկայնական աղէտի եւ գործազրկութեան պայմաններով հայրենի բնօրրանին մէջ գոյութեան կռիւ տուող արցախցիները կը մտահոգուին իրենց երեխաներուն ուսման ճակատագիրով, որոնք ՀՀ բուհերու մէջ կ՝ուսանին վճարովի հիմունքներով: Առկայ նիւթական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ գործազուրկ արցախցին ի վիճակի չէ օրեր անց վճարել իր երեխայի ուսման համար: Հետեւաբար՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ վճարովի հիմունքներով ուսանող արցախցի ուսանողներուն ուսման հարցը: Կը նշմարուի՞ ապագայի յոյսը՝ դժուար է ըսել:
Արցախցի մայրերուն անունով կը խնդրեմ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Ժ. Անդրէասեանէն ՀՀ կառավարութիւն ներկայացնելու Հայաստանի բուհերուն մէջ ուսանող արցախցիներուն 2023-24 թթ. ուսումնական տարուան գոնէ առաջին կիսամեակի վճարէն ազատելու, փոխհատուցելու կամ այլ լուծում գտնելու հարցը, յոյս ունենալով, որ մինչեւ տարեվերջ իրավիճակը Արցախի մէջ կը շտկուի եւ արցախցին ինքը կը հոգայ իր երեխայի ուսման համար:
Արցախցին զրկուած է հանապազօրեայ հացէն, մարդասիրաբար գոնէ անոնց զաւակները չզրկենք Հայրենիքի մէջ ուսումնառութենէ, եւ մեր անտարբերութեամբ չմատնենք անոնց ոգիի սովի:
Ջեմմա Բաղդադյան
