Սփիւռքահայերու «Սեւ Ցուցակ» Պէտք Չէ Ըլլայ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքին դէմ բացուած դատին առիթով երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Արդէն մէկ տարիէ աւելի է, որ շինծու մեղադրանքով արգիլուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան: Եւ սա առաջին եւ միակ դէպքը չէ: Ցաւալի է, բայց փաստ, որ ինչպէս Ազրպէյճանի մէջ, Հայաստանի մէջ եւս գոյութիւն ունի հայկական շահերու պաշտպաններու «սեւ ցուցակ»:
Օրուան իշխանութիւններու քաղաքականութեան նկատմամբ դրսեւորած անհամաձայնութիւնը որեւէ պարագայի չի կրնար հիմք հանդիսանալ հայրենիք մուտքի արգելքի համար: Նման սահմանափակումները հիմնովին կը խախտեն իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքները:
Այս անարդարութիւնն ու խտրական վերաբերմունքը կարելի չէ հանդուրժել: Կարելի բոլոր օրինական ճանապարհներով պիտի շարունակենք հետամուտ ըլլալ, որ սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն ոտնահարուած իրաւունքները վերականգնին»:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
