Ալիւր եւ Հաց՝ ՄԱԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակին Դիմաց. «Բացում»-ը ՄԱԿ-էն Կը Պահանջէ Կատարել Պարտականութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

«Բացում» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամները հերթական բողոքի ցոյցը իրականացուցած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Անոնք ՄԱԿ-ին յիշեցուցած են պարտաւորութիւններու մասին, որոնք այդպէս ալ չի կատարեր։ Նախաձեռնութեան անդամները ալիւր եւ հաց տեղադրած են ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ։

«Հացը պէտք է ՄԱԿ-ի միջոցով հասնի Արցախ, ատիկա իրենց պարտաւորութիւնն է, բայց հիմա անոնք ի վիճակի չեն ատիկա ընել։ Որոշում կայացնողներուն պէտք է ստիպել, ճնշել, որ բանան Բերձորի միջանցքը, մարդկայնական օգնութիւն տանին մեր հայրենակիցներուն: ՄԱԿ ԱԽ խորհուրդը պարտաւոր է օր առաջ իրականացնելու Բերձորի միջանցքին բացումը»,- յայտարարած է Նարեկ Այվազեանը։