Ուժեղ, Հզօր, Աստուածապաշտ, Ոչ Մէկ Բանէ Վախցող, Պայքարի Մէջ Գտնուող Ժողովուրդին Հզօր Իրականութիւն Կը Հասնի․ Բագրատ Սրբազան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան իր քարոզին մէջ կը շեշտէ՝ իրականութիւնը չի կրնար թելադրել, թէ ինչպէս պիտի ըլլանք մենք։ Մենք ենք, որ պիտի թելադրենք, թէ ինչպիսի իրականութիւն պիտի ունենանք։

«Ժողովուրդ ջան, մեզնէ դուրս ուրիշ իրականութիւն չկայ։

Մենք կը ստեղծենք մեր իրականութիւնը․ ինչպէս ենք, այդպէս ալ պիտի ըլլայ մեր իրականութիւնը։

Իրականութիւնը չի կրնար թելադրել, թէ ինչպէս ըլլանք մենք։ Մենք ենք, որ պիտի թելադրենք, թէ ինչպիսի իրականութիւն պիտի ունենանք։

Ժամանակը չի՛ կրնար մեզի ստիպել ապրիլ իր կանոններով ու թելադրանքով։ Մենք ենք, որ կը ստիպենք ժամանակին ենթարկուիլ մեզի։

Տկար, թշուառ ժողովուրդին կը հասնի թշուառ իրականութիւն։

Ուժեղ, հզօր, աստուածապաշտ, ոչ մէկ բանէ վախցող, պայքարի մէջ գտնուող ժողովուրդին կը հասնի հզօր իրականութիւն։

Ինչպէս առաքեալը կ՝ըսէ՝ անձկութիւն, սուր, հուր, մերկութիւնը, ոչ մէկ բան կրնայ զիս բաժնել այդ զոհաբերական մեծ սէրէն»։

Տեսանիւթը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմէն․