«Բացէք Բերձորի Ճանապարհը». Ամերիկահայերու Ցոյցը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ պաքուի Հիւպատոսարանին Դիմաց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ ի պաշտպանութիւն արդէն 8 ամիս շարունակ շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Ամերիկահայերը հաւաքուած են Լոս Անճելըսի մէջ պաքուի հիւպատոսարանին դիմաց՝ պահանջելով բանալ Բերձորի միջանցքը։

Ցոյցի մասնակիցները իրենց հետ բերած են Հայաստանի ու Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ Արցախի ապաշրջափակման կոչերով տարբեր պաստառներ։ «Դադրեցուցէ՛ք Արցախի շրջափակումը», «Դադրեցուց՛ք հայերուն երկրորդ ցեղասպանութիւնը», «Արցախի հետ, Արցախի համար», «Պատժամիջոցներ սահմանել ազրպէյճանի դէմ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։

Անոնք նաեւ կը վանկարկեն տարբեր կոչեր՝ պահանջելով բանալ Բերձորի միջացնքն ու դադրեցնել ցեղասպանութիւնը, որուն բախած են արցախահայերը 2023 թուականին։