Այնքան Պիտի Պայքարինք, Որ Վրաց Հասարակութիւնը Տեղեկացուած Ըլլայ Արցախի Խնդրին. Արթուր Միրզոյեան
Վրաստանը չեզոք դիրքորոշում կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, որ ցաւալի է: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով ըսած է «Վրաստանի հայ համայնք» ՀԿ նախագահ Արթուր Միրզոյեան՝ ներկայացնելով Վրաստանի դիրքորոշումը Արցախի շրջափակման օրէն ի վեր։
«Այն օրէն երբ սկսաւ Արցախի շրջափակումը, մենք առաջիններէն էինք, որ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց ցոյց կազմակերպեցինք եւ ուշադրութիւն գրաւեցինք: Բայց, Վրաստանի ո՛չ ընդիմադիր, ո՛չ իշխանական լրատուամիջոցները չլուսաբանեցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպան գործողութիւնները, լռութիւն է: Միայն երկու-երեք լրատուական էր, որ երբեմն կ՝անդրադառնար»,- ըսած է ան:
Միրզոյեանը նաեւ ներկայացուցած է իրենց հիմնական նպատակը եւ նշած, թէ մինչեւ երբ կը շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցերը:
«Մեր հիմնական նպատակը այն է, որ վրաց հասարակութիւնը տեղեկացուած ըլլայ այս ամէնուն մասին, քանի որ ազրպէյճանը շատ աշխոյժ աշխատանք տարած է այս տասնեակ տարիներուն ընթացքին եւ վրաց հասարակութիւնը շեղած է Արցախի հիմնական խնդիրէն: Մենք անընդհատ նամակներ կ՝ուղարկենք լրատուականներուն, բայց դժբախտաբար, անոնցմէ արձագանգ չենք ստանար: Բայց մենք պիտի պայքարինք ու պիտի չընդունինք այս իրավիճակը, որ կը դրդեն մեզի ընդունիլ: Մենք պիտի շարունակենք պայքարը ու Արցախի շրջափակման մասին պիտի այնքան բարձրաձայնենք, մինչեւ հասնինք յաջողութեան»,- եզրափակած է Միրզոյեանը:
