
Ամերիկահայերը 5-րդ Օրն է Կը Շարունակեն Նստացոյցը՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ)
Լոս Անճելըլսի հայերը արդէն 5-րդ օրն է, որ կը շարունակեն բողոքի ցոյցերը` Բերձորի միջանցքի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի մէջ խորացող մարդկայնական ճգնաժամը կանխելու նպատակով։ Անոնք նստացոյց յայտարարած են եւ կը պահանջեն միջազգային հանրութենէն կոշտ արձագանգ տալու ազրպէյճանի գործողութիւններուն։
Ցոյցի մասնակիցները նաեւ կը պահանջեն, որ քոնկրեսական Ադամ Շիֆը պաշտօնապէս մամուլի ասուլիս հրաւիրէ, եւ անձամբ երթայ Բերձորի միջանցք եւ այնտեղէն մեկնաբանէ տեղի ունեցածը։
«Ժամանակն է հաւաքուելու, որպէսզի մեր դիմաց եղած այն մարտահրաւէրները, որոնք ունինք, իբրեւ մաքուր հայրենասէրներ, կարենանք մեր պահանջը հասցնել պատկան մարմիններուն»,- յայտարարեց ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։