Արցախը Համահայկական Օրակարգի Կիզակէտն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն համար: Այս առիթով, Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի ապաշրջափկման ուղղութեամբ հայրապետին տարած աշխատանքնեուն եւ ունեցած հանդիպումներուն՝ միջազգային ընտանիքի եւ դիւանագիտական նեկայացուցչական պատուիրակութիւններուն հետ։

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Արցախը մեր համահայկական օրակարգի կիզակէտն է եւ յատկապէս ա՛յս օրերուն բոլորս պէտք է լծուինք հետեւողականօրէն աշխատելու Արցախի ապաշրջափակման ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատման։ Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց համահունչ եւ ներդաշնակ կերպով աշխատելու հրամայականը թէ՛ ներգաղութային, թէ՛ համասփիւռքեան եւ թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան ծիրէն ներս։ Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները թէ՛ Արցախի ապաշրջափակման եւ թէ անոր ինքնորոշման իրաւունքին գծով։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրապետական օրհնանքին համար

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը Օգոստոս 10-ին, հեռախօսակապ հաստատած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ:

Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է հայրապետական օրհնանքին եւ բարեմաղթանքներուն համար:

Երկու կաթողիկոսներն ալ իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ապաշրջափակման ու մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրերը հաւաստիացուցած են, որ Հայ առաքելական եկեղեցին միշտ պիտի ըլլայ Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին։ Անոնք նաեւ յայտնած են իրենց սերտ համագործակցութեան պատրաստականութիւնը:

nankr.am