Նախագահը Պէտք է Յստակ Յայտարարէ, Թէ Ինչպէս Կը Տեսնէ Արցախի Պաշտպանութիւնը․ «Արցախի Անվտանգութեան եւ Զարգացման Ճակատ»
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի վերջին ուղերձը կ՝ընդգրկէր կարեւոր շեշտադրումներ: Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքին, Ռուսիոյ Դաշնութեան, միջազգային տարբեր դերակատարներուն հասցէագրուած կոչերը, անշուշտ, տեղին էին:
Նշուած բոլոր դերակատարները պարտաւորութիւններ ու ընելիքներ ունին եւ, ակնյայտ է, որ անոնց անգործութեան կամ ձեռնարկուած ոչ բաւարար քայլերուն հետեւանքով այսօր Արցախը յայտնուած է այս իրավիճակին:
Բայց այս իրավիճակին մէջ, անկախ աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն, պարտաւորութիւններ, ընելիքներ ու ամենակարեւորը, պատասխանատուութիւն ունի առաջին հերթին Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Ծանրագոյն շրջափակումն ու ներկայ պաշարումը կը պահանջեն ճիշդ մշակուած ճգնաժամային կառավարում բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ սկսեալ տնտեսական խնդիրներու լուծումէն, պետական պահուստներու կառավարումէն մինչեւ աղբահանութիւն ու բնակչութեան տարրական կենսական կարիքներու բաւարարում:
Որքան բարդ է իրավիճակը, այնքան անիկա աւելի շատ ջանքերու, մտքի գերլարում կը պահանջէ, ատիկա անվիճելի է: Կը պահանջէ ուսումնասիրել շրջափակման իրավիճակներուն մէջ յայտնուած երկիրներու եւ քաղաքներու փորձը, քննարկել բոլոր տարբերակներն ու առաջարկները, ներգրաւել բոլոր կարող ուժերն ու փորձել գտնել ամենաբանական լուծումները: Կը պահանջէ մշակուած գործողութիւններու հետեւողական ու յաջորդական իրականացում, համակարգային ու թափանցիկ աշխատանք, բացառիկ կարգապահութիւն ու խիստ մօտեցում անոնց նկատմամբ, որոնք չեն պահպաներ սահմանուած կարգը:
«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումը ամիսներ առաջ յստակ առաջարկներ ներկայացուցած է Արցախի նախագահին: Եթէ գոնէ անոնցմէ քանի մը հատը այս ընթացքին իրականացուած ըլլային, հիմա երկրէն ներս շարք մը կարեւոր հարցեր կրնային լուծում ստանալ կամ այսպիսի սուր դրսեւորում չունենալ: Մինչդեռ տպաւորութիւն է, որ այս բարդագոյն վիճակին մէջ ամէն ինչ ձգուած է ինքնահոսի:
Եթէ կը յայտարարուի, որ մեր նպատակը յանուն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պայքարն է, ուրեմն մենք ամէն ինչ, ամէն մէկ՝ անգամ փոքր միջոց պէտք է ուղղենք մեր ժողովուրդը այդ նպատակին համար երկարաժամկէտ պայքարի պատրաստելուն եւ ո՛չ միայն պատրաստելուն, այլեւ անոր համար պայմաններ ստեղծելուն: Վստահ ենք, որ ատիկա հնարաւոր է: Մենք միակ ժողովուրդը չենք, որ յանուն իր արժանապատուութեան նման զրկանքներ կը կրէ: Եւ մենք չենք կրնար դառնալ այն միակ ժողովուրդը, որ անփոյթ գտնուեցաւ իր գլխաւոր իրաւունքը պաշտպանելու հարցին գծով:
Եթէ նախագահի յայտարարած խօսքը իսկապէս կը համապատասխանէ իրական ցանկութեան, ուրեմն պէտք է կատարուէին եւ կատարուին յստակ քայլեր: Նոյնինքն խօսքի եւ գործի համապատասխանութիւնը ցոյց կու տայ նպատակի իսկութիւնը: Իսկ երբ կը հնչէ մէկ բան, բայց հասկնալի ու տեսանալի գործողութիւններ չեն կատարուիր այդ հնչեցուած խօսքը իրականութիւն դարձնելու համար, կը նշանակէ գործ ունինք կեղծաւորութեան հետ։
Ուստի նախագահը պէտք է յստակ յայտարարէ, թէ ինչպէս կը տեսնէ Արցախի պաշտպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման նպատակին իրականցումը, ինչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին ատոր համար, եւ չխուսափի իրական առաջնորդի դեր ստանձնելէն։
Հակառակ պարագային մենք չենք պատրաստուիր ձեռքերնիս ծալած նստիլ եւ հնարաւոր ու անհնար ամէն ինչ պիտի ընենք` ազատ, անվտանգ, երջանիկ, հայկական Արցախ ունենալու նպատակին հասնելու համար։
