ազրպէյճանը Պէտք է Պատասխանատուութեան Ենթարկել Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւններուն Համար. Քերոլայն Քոքս

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը միջազգային դերակատարներուն կոչ ըրած է վերջ տալու ազրպէյճանի հանդէպ թողտուութեան, որուն հետեւանքով այդ երկիրը սովի եւ ցեղասպանութեան կ՝ենթարկէ արցախահայութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ aravot.am լրատուական կայքը:

«142 օր է, որ ազրպէյճանը ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն դադրեցուցած է կազամատակարարումը Արցախ, իսկ 180 օր է, որ ելեկտրականութեան մատակարարումը ամբողջութեամբ խափանուած է, որուն հետեւանքով ալ բազմաթիւ կեդրոններու ամենօրեայ հոսանքազրկումներ եւ վթարային անջատումներ կ՝արձանագրուին: Դպրոցները ստիպուած եղած են փակուիլ սնունդի պակասին պատճառով, իսկ տարածուող տեսանիւթերը ցոյց կու տան խանութներուն դատարկ ցուցափեղկերուն անչափ ցնցող պատկերները, երբ այդ ցուցափեղկերը պէտք է լիարժէքօրէն համալրուած ըլլային սնունդով, դեղամիջոցներով եւ սարքերով՝ ամենօրեայ կարիքները սպասարկելու համար»,- իրավիճակին կը ծանօթացնէ բրիտանացի խորհրդարանականը:

Յայտարարութեան մէջ պարոնուհի Քոքսը կ՝անդրադառնայ նաեւ թերսնման, ինչպէս նաեւ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու պակասի պատճառով ստեղծուած ծանր առողջապահական իրավիճակին, կ՝արձանագրէ՝ տուեալներ կան, որ յառաջացած դժուարութիւններուն եւ ճնշման մթնոլորտին մէջ վաղաժամ ծննդաբերութեան եւ մեռելածնութեան դէպքերը եռապատկուած են:

Հայ ժողովուրդի բարեկամ քաղաքական գործիչը նաեւ փաստեր կը ներկայացնէ ազրպէյճանի մէջ առկայ հայատեացութեան եւ ռազմատենչ տրամադրուածութիւններու բարձր մակարդակին հետ կապուած՝ ներկայացնելով երկու ցայտուն օրինակ: