«Ազդակ»-ի Մէջ Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Խմբագրասենեակի Անուանակոչում

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գաղափարի Մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, հայ մամուլի բարեկամներու եւ Սարգիս Զէյթլեանի ընտանեկան պարագաներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան: Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: