ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Բարձր Կը Գնահատէ Լուիս Մորէնօ Օքամփոյի Արցախի Վերաբերեալ Փորձագիտական Զեկոյցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը մօտ երկու շաբաթ առաջ դիմած էր Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփոյին՝ խնդրելով փորձագիտական կարծիք առ այն, թէ արդեօ՞ք Արցախի մէջ խորացող շրջափակումը կը համապատասխանէ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան:

Օգոստոս 7-ին հասած է մեծավաստակ գիտնականին զեկոյցը, որ ուսումնասիրուած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ՝ ըստ անհրաժեշտութեան Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակիներուն կողմէ օգտագործման նախապատրաստելու համար։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը զեկոյցը կը գնահատէ իբրեւ մասնագիտական բարձր որակներով, առարկայական եւ փաստական տուեալներով հիմնաւորուած աւարտուն աշխատանք։ Մասնաւորապէս՝ զեկոյցը միարժէքօրէն կը պնդէ, որ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կ՝իրականացուի՝ շարունակական ցեղասպանութիւն, որ կը հիմնաւորուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրի երկրորդ յօդուածին ծիրէն ներս, որ ցեղասպանութիւն կը սահմանէ նաեւ «որեւէ խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման»։ Հեղինակը ըսուածը կը հիմնաւորէ՝ յղում կատարելով Սրեբրենիցայի մէջ ցեղասպանական գործողութեան վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, ըստ որուն բնակչութիւնը սնունդէ, բժշկական օգնութենէ, ապաստարաններէ եւ հագուստէ զրկելը կը համարուի ցեղասպանութիւն։

Պարոն Օքամփոյի զեկոյցը բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ եւ կ՝անդրադառնայ Արցախի մէջ ընթացիկ ցեղասպանութեան յանցագործութեան՝ իբրեւ այդպիսին հիմնաւորման, անոր պատասխանատուներու նոյնականացման ու յետաքննման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան կանխարգիլման ճանապարհներուն։

Զեկոյցին հեղինակը մանրամասնօրէն վերլուծած է Բերձորի միջանցքին փակման առնչութեամբ միջազգային դատական ատեաններուն որոշումները, ազրպէյճանի նախագահին եւ այդ երկրի ղեկավարներուն յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները։ Մասնաւորապէս՝ ալիեւի յայտարարութիւններուն վերլուծութեամբ փաստուած է․

• Նախագահ ալիեւը միտումնաւոր արգելափակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն կենսական անհրաժեշտութեան մատակարարումները։

• ան բացայայտօրէն չէ ենթարկուած Արդարադատութեան միջազգային դատարանի յատուկ հրամաններուն՝ «ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով»:

• Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումով ալիեւը ծանուցուած եղած է շրջափակման հետեւանքով հայերու առողջութեան եւ կեանքի համար ստեղծուած «իրական եւ անմիջական վտանգ»-ի մասին։

Զեկոյցին հեղինակը կը նոյնականացնէ ցեղասպանութեան խնդրոյ առարկայ դէպքին առիթով պատասխանատուութեան ենթակայ անձերուն շրջանակը ու անոնց միջազգային պատասխանատուութեան կանչելու իրաւական մեքենականութիւնները։ Ըստ այդմ, բացի նախագահ իլհամ ալիեւէն, սոյն յանցագործութեան համար միջազգային քրէական հետապնդման ենթակայ են նաեւ ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զաքիր հասանովը, պետական սահմանային ծառայութեան պետ էլչին գուլիեւը, պետական սահմանի պահպանութեան սահմանապահ ստորաբաժանման շտապի պետ աքշին մեհազամովը, պետական սահմանապահ ծառայութեան արագ արձագանգման ուժերու արագ արձագանգման բաժանմունքի հրամանատար միսիր ալիեւը, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից ֆարիտ շաֆիեւը։ Նախագահ ալիեւի պարագային տրուած են անոր նախագահական անձեռնմխելիութեան յաղթահարման հնարաւորութիւնները՝ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ։

Զեկոյցը նաեւ կ՝ընդգրկէ հարուստ իրաւաքաղաքական եւ կիրառական նշանակութեան խորհուրդներ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման միջազգային մեքենականութիւններու գործարկման եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման համար, զեկոյցը նաեւ կը ներառէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ամփոփ պատմաքաղաքական ու իրաւական նկարագրութիւն։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, բարձր գնահատելով զեկոյցի կիրառական նշանակութիւնը, զայն տրամադրած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն՝ Արցախի շահերու պաշտպանութեան աշխատանքներուն ընթացքին օգտագործման եւ այնտեղ արտացոլուած դրոյթները միջազգային քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան ներկայացնելու համար։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

09. 08․ 2023 թ․